2009-01-03 11:40:39

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կոչ կ՛ընէ ժուժկալութեան ու զօրակցութեան յաչս տնտեսական տագնապին։


 2008 տարւոյն վերջին օրը՝ 31 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամասացութեան ընթացքին, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, Նորին Սրբութիւնը կոչ ըրաւ ժուժկալութեան ու զօրակցութեան յաչս ընկերային ու տնտեսական աճող տագնապին։ Սրբազան Հայրը իր խօսքը ուղղելով նոր սերունդին, հրաւիրեց զանոնք որ չհետեւին ներկայ հեշտապաշտ մտայնութեան։ Ամէնքս գիտակից ենք ներկայ ժամանակներու ընկերային եւ տնտեսական աճող տագնապին(ըսաւ Սրբզ. Պապը՝) որ կը հարուածէ համայն աշխարհը, ներկայ տագնապը բոլորիս կը պարտադրէ աւելի ժուժկալութիւն եւ զօրակցութիւն, օգնութեան հասնելու՝ դժուարութեան մէջ ապրող անհատներուն եւ ընտանիքներուն։ Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Հռոմի քրիստոնեայ հասարակութեան, Գարիթասին ու բարեսիրական կազմակերպութիւններուն իրենց բերած նեցուկին համար։ Բոլորին համագործակցութիւնը յոյժ կարեւոր է (ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ ) որովհետեւ ոչ ոք կարող է առանձնաբար կերտել իր երջանկութիւնը։ Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց քրիստոնեաները որ չվախնան, նոյնիսկ երբ հորիզոնի վրայ կը դիզուին բազմաթիւ դժուարութիւններ, որովհետեւ յաւիտենական կեանքի յոյսը Քրիստոսի մէջ, մեզի ոյժ կու տայ դիմագրաւելու եւ գերազանցելու կեանքի դժուարութիւնները։

Իր խօսքը ուղղելով՝ յատկապէս Հռոմ քաղաքի երիտասարդներուն, պատասխանատուները` Յաւիտենական քաղաքի ապագային, որուն քաղաքապետը ներկայ էր 31 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամասացութեան, Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց զանոնք ու Յիսուսին հետեւին եւ ապրին ժուժկալ կեանք մը։ Ներկայ ընկերութիւնը, պէտք ունի նուիրեալ քաղաքացիներու եւ ոչ թէ եսասէր անհատներու որոնց միակ մտահոգութիւնն է իրենց սեփական շահերը։







 








All the contents on this site are copyrighted ©.