2009-01-03 11:44:15

Պաթմանի հայերը ետ կ՛ուզեն իրենց եկեղեցին։


Պաթմանի հայերը ետ կ՛ուզեն իրենց եկեղեցին։

Թուրքիա լոյս տեսնող Միլլիյէթ թերթի համաձայն, Պաթմանի մէջ, Սասունի հայոց միութեան նախագահ՝ Ազիզ Տաղճը, կը պատրաստուի Եւրոպայի Մարդկային միութեան ատեանին դիմում կատարել ետ պահանջելու համար հայոց պատկանող եկեղեցին, որ գրաւուած ու արձանագրուած է որպէս սեփականութիւն պետական գանձին։

Պաթմանի կալուածոց վարչութեան խմբակ մը, մեր գանգատներէն ետք, (ըսած է Ազիզ Տաղճը ) գիշեր ժամանակ մեզ գիւղ տարաւ եւ ուզեց, որ քննութիւններ կատարենք։ Գոզ՟լու՟քի Ագչալը գիւղին մէջ գիշերուան մութին մէջ ձեռքի լապտերներով պատմութեան հետքերը փնտռեցինք։ Պատմութիւնը գիշերուան այդ ժամո՞ւն է որ կը քննարկուի (աւելցուցած է Սասունի հայոց Միութեան նախագահը) ։ Եթէ եկեղեցին մեզի չվերադարձուի, պիտի դիմենք Եւրոպայի Մարդկային իրաւունքներու ատեան (ըսած է ան)։








All the contents on this site are copyrighted ©.