2009-01-03 11:40:59

Ակնարկ մը՝հազիւ մեր ետին թողած 2008 Տարուայ Տարեդարձներու եւ Տարելիցներու վրայ։


2008-ին յիշատակեցինք Արեւմտահայ մեծագոյն գրագիտուհի՝ Զապէլ Եսայեանի ծննդեան 130ամեակը եւ մահուան 65ամեակը։ Զապէլ Եսայեան կը ծնի Պոլիս, ուր ալ կը ստանայ իր ուսումը՝ Սկիւտարի Ս. Խաչ նախակրթարանի մէջ, աշակերտելով Արշակ Չոպանեանին։ Բարձրագոյն ուսումը, գրականութեան գծով, կը ստանայ Փարիզի Սորպոն համալսարանին մէջ ։ 1902ին կը վերադառնայ Պոլիս։ Առաջին աշխարհամարտէն վերջ կը սկսի ոդիսականը Եսայեանի, որ կը մեկնի նախ Պուլկարիա, ապա՝ Կովկաս, յետոյ վերստին Պոլիս, Փարիզ։ 1927ին առաջին անգամ կայցելէ Սովետական Հայաստան, ուր վերջնականօրէն կը հաստատուի 1933ին՝ ընդառաջելով երկրի իշխանութիւններու հրաւէրին։ 1937ին, Ստալինեան վարչակարգի շրջանին, այլ հայ մտաւորականներու հետ կաքսորուի, եւ անյայտ անկիւն մը կը կնքէ իր մահկանացուն, հաւանաբար 1943ին։ Զապէլ Եսայեանի գլխաւոր գործերն են ՝՝Աւերակներու մէջ՝՝, ՝՝Սպասման սրահի մէջ՝՝, ՝՝Սկիւտարի վերջալոյսները՝՝, ՝՝Շնորհքով մարդիկ՝՝, ՝՝Մոլորումը՝՝, ՝՝Հլուները եւ ըմբոստները՝՝, ՝՝Կեղծ հանճարներ՝՝, ՝՝Հոգիս աքսորեալ՝՝, ՝՝Երբ այլեւս չեն սիրեր՝՝, ՝՝Վերջին բաժակը՝՝, ՝՝Արելքը՝՝, ՝՝Նահանջող ուժեր՝՝, ՝՝Պրոմիթէոս ազատագրուած՝՝, ՝՝Կրակէ շապիկը՝՝, ՝՝Պարպա Խաչիկ՝՝, ՝՝Սիլիհտարի պարտէզները՝՝ եւ այլն։ 2008ին յիշատակեցինք նաեւ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆի ծննդեան 130-ամեակը։ Թէքէեան կը ծնէր Պոլիս 1878-ին Պոսֆորի Օրթագիւղ թաղը։ Կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Ներսէսեան, Պէրպէրեան ու Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ։ Զանազան պաշտօններ վարած է Անգլիոյ, ֆրանսայի ու Եգիպտոսի առեւտրային հիմնարկներուն մէջ։ Եղած է դպրոցական խնամակալութեանց անդամ, ուսուցիչ եւ տնօրէն Պոլսոյ ու Մարսէյլի մէջ։ Եղած է Ազգային երեսփոխան։ Շրջան մը վարած է ՝՝Ժողովուրդին ձայնը -ժամանակի՝՝ խմբագրութիւնը։ 1922ին վերջնականապէս հեռացած է Պոլիսէն։ Մահացած է Եգիպտոս, ուր միջոց մը վարած է ՝՝Արեւի՝՝ խմբագրութիւնը։ Յիշենք նաեւ ԱՒԵՏԻՍ ԱԼԻՔՍԱՆԵԱՆ-ը, ուստի 2008ին՝ Ծննդեան 100-ամեակն էր Ալիքսանեանի. ան մաս կը կազմէ Պոլսոյ 1925-1950 թուականներու գրական-հրապարակագրային կեանքին մէջ հասունցած դասուն։ 1926-1972 տարիներուն յաջորդաբար ձեռնարկած է շաբաթաթերթերու, կիսամեայ եւ պարբերական հանդէսներու հրատարակութեան ՝՝Կիթառ՝՝ (1928), ՝՝Ամսուան Գիրքը՝՝ (1930), ՝՝Պատկեր՝՝ նախ որպէս ամսագիր, ապա շաբաթաթերթ (1930-40), ՝՝Նոր օր եւ ՝՝Այսօր՝՝ (1947-1948)։ 1950ական թուականներուն անցած է Փարիզ, ուր 1959-1960էն մինչեւ իր մահը(1984) հրատարակած է ՝՝Աշխարհ շաբաթաթերթը՝՝։ Ալիքսանեան ունի գեղարուեստական էջեր՝ հրապարակագրութեան առընթեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.