2009-01-02 14:12:24

վատիկնեան տեղեկութիւններ


 Կազայի բռնարարգները հետեւանքն է տնտեսական եւ ընկերային անարդարութիւններու։



կարտինալ Մարթինօ` նախագահը Վատկանի Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի, Վատիկանի Օսսերվադորէ Ռոմանօ օրաթերթին մէջ արտատյատուելով անցնող տարւոյն մասին կը գրէ թէ Կազայի ներկայ բռնարարգներու պատճառը կրօնական չեն այլ հետեւանքվ տնտեսական եւ ընկերային բազմաթիւ անարդարութիւններու։ Ապա կարտինալը կը խօսի Ս. Աթոռի եւ ՄԱԿի փոխ յարաբերութիւններու, մենասեռականերու պաշտպանութեան եւ սննդառութեան տագնապի մասին։ Կարտինալը կը դատապարտէ զէնքի համաշխարհային առեւտուրը եւ միջազգային հասարակութեան քիչ շահագրգռութիւնը թերաճ երկիրներու հանդէպ։ Կարտինալ մարթինօյին համար երկխօսութիւնը կրօներու եւ մշակոյթներու միջեւ միակ կարելի ուղին է վերջ դներու ընդհարումներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.