2009-01-02 14:13:23

Պօղոսեան տարի խորհրդածութիւն


RealAudioMP3 Տիտոսի թուղթը

Տիտոս եղած է Պօղոս Առաքեալի ուրիշ անուանի գործակիցը եւ սիրելի որդին հասարակաց հաւատքին համաձայն։ Իր Բ. Կոր. Նամակին մէջ՝` Պօղոս Տիտոսին կու տայ հետեւեալ տիտղոսները. Եղբայրս, հաւասարս եւ գործակիցս (Բ. Կոր. 2, 13)։

Տիտոս, կարող եւ վստահելի անձ մը ըլլալով Պօղոսի կողմէ իբրեւ պատգամաւոր ղրկուեցաւ Կորնթոս նուիրահաւաքութիւն կատարելու Երուսաղէմի Եկեղեցիին համար։ Հետեւաբար, Պօղոս երբ Բառնաբասի հետ Երուսաղէմի ժողովին մասնակցելու կերթար, իր հետ առած էր նաեւ Տիտոսը, իբրեւ հեթանոսութենէ դարձող քրիստոնեայի մը լաւաոյն նմոյշը, որ թլփատուած չըլլալով հաներձ, ոչինչով պակաս էր թլփատուած Քրիստոնեայէ մը։

Պօղոս Առաքեալի հովուական թուղթերէն մէկը, ինչպիսին նաեւ Տիմոթէոսի 2 թուղթերը, ուղղուած է Տիտոսին, որ հաւատացեալներու յատուկ յորդորներ պարունակելով հանդերձ, յատկապէս եկեղեցիի պաշտօնեաներուն վերաբերեալ նոր ցուցմունքներ եւ դաստիարակիչ թելադրանքներ ունի իր մէջ։ Ըստ այս Թուղթի ուսուցման՝` եկեղեցականին հիմնական պարտականութիւնը պիտի ըլլայ՝` լրացնել ինչ որ կը պակսի եկեղեցւոյ կեանքին համար։ Իսկ հոգեւորականը ըստ Պօղոս Առաքեալի պարտի ըլլալ. Անարատ, ո՛չ յանդուգն, ո՛չ բարկացող, ո՛չ արբեցող, եւ ո՛չ կռուասէր, ո՛չ ագահ եւ ո՛չ անպարկեշտ, այլ ընդհակառակն՝` հիւրասէր, բարեսէր, խոնարհ, արդար, սուրբ, աստուածապաշտ, ժուժկալ, ուղիղ վարդապետութեան վերակացու, որպէս զի կարող ըլլայ խրատել ողջամիտ վարդապետութեամբ եւ հակառակորդները կշտամբել(Տիտ. 1, 7-9)։

Զօրաւոր շեշտ մը կը դրուի այս Թուղթին մէջ բարի եւ արդար գործերուն վրայ, առանց սակայն սորվեցնելու, որ մարդ միայն բարի գործերով կը փրկուի, ընդհակառակը կ՛ըսէ առաքեալը. Ո՛չ թէ բարի գործերով է, որ կ՛արդարանանք, այլ Աստուծոյ գթութեամբ, աւազանի միջոցաւ մեր վերստին ծննդեամբը, եւ Սուրբ Հոգիի նորոգութեամբ։ Մեր Փրկչին, Յիսուս Քրսիտոսի միջոցաւ, առատօրէն զեղուց այդ Հոգին մեր սրտերուն մէջ, որպէս զի արդարացած Քրսիտոսի շնորհքով, յոյսով ընդունինք յաւիտենական կեանքի ժառանութիւնը (Տիտ. 3, 4-7)։

Պօղոս իր այս հովուական Թուղթը կը փակէ յանձնարարելով Տիսոսին որպէս զի պարտի միշտ հաւատացեալներուն սորվեցնել փայլիլ բարի գործերով, այնպէս որ կարենան դիմագրաւել ստիպողական կարիքները, եւ այսպէսով անպտուղ չեն մնար։








All the contents on this site are copyrighted ©.