2008-12-31 12:21:46

Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը հսկումի աղօթք կը կատարէ Ս. Պետրոս հրապարակը։


Չորեքշաբթի 31 Դեկտեմբեր 2008, գիշերուայ ժամը 11.30ին, Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը սկիզբ կու տայ հսկումի աղօթքին, Ս. Պետրոս հրապարակի վրայ, կազմակերպուած ՜՜ընտանեկան սիրոյ՝՝ անուան շարժումի կողմէ։ Ասիկա վեցերորդ անգամն որ վերոյիշեալ շարժումը Ս. Պետրոսի հրապարակի Մսուրին առջեւ նման աղօթքի հաւաք մը կը կազմակերպէ։ Աղօթքի հսկումին նպատակն է ՜՜Տիրոջմէն հայցել սրտերու, ընտանիքներու եւ ազգերու խաղաղութիւնը՝՝։ Մասնակցողներուն պիտի տրուի մոմ մը, որպէս խորհրդանիշ լոյսի եւ յոյսի։



Հինգշաբթի մէկ Յունուար 2009, խաղաղութեան համաշխարհային 42-րդ օր, հաստատուած՝ երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. Քահանայապետէն 1967ի 8 Դեկտեմբերին։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին այս տարուայ խաղաղութեան բնաբանն է ՜՜պայքարիլ աղքատութեան դէմ, կերտել խաղաղութիւնը՝՝։

Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հանդիսաւոր պատարագ կը մատուցէ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, մասնակցութեամբ Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնին։ Սրբազան Քահանայապետին հետ կը համապատարագեն. կարտինալ Դարշիզիօ Պերթոնէ Վատիկանի Պետական քարտուղարը, կարտինալ Ռենադօ Մարթինօ Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի նախագահը. գերապայծառ ֆիլոնի գաղթականութեան քահանայապետական խորհուրդի պատասխանատուն եւ գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթի` Վատիկանի արտգործ նախարարը։

Կէսօրին նորին սրբութիւնը հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը կ՛արտասանէ իր գրասենեակի պատշգամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.