2008-12-31 14:13:49

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիսապետէ երեկոյեան ժամասացութիւնը ի պատիւ Աստուածածնի, ոգեկոչելով անոր ծննդաբերութիւնը, եւ գոհաբանական աղօթք բարձրացնելով Ամենակալին անցող տարւոյն համար։


Այս տարի եւս տարեվերջին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիսապետէ երեկոյեան ժամասացութիւնը ի պատիւ Աստուածածնի, ոգեկոչելով անոր ծննդաբերութիւնը, եւ գոհաբանական աղօթք բարձրացնելով Ամենակալին անցող տարւոյն համար։ Գաղատացիներու ուղղած իր թուղթին մէջ, Պօղոս առաքեալը խօսելով մարդու ազատագրումի մասին, շնորհիւ Աստուծոյ ներգործութեան՝ ՜՜մարդեղութեան խորհուրդին միջոցաւ՝՝ կ՛ըսէ. ՜՜Աստուած ղրկեց իր Որդին, որ ծնաւ կնոջմէ, մտաւ Օրէնքի տակ, որպէսզի ազատագրէ Օրէնքի հպատակները եւ մեզի պարգեւէ որդեգրութեան շնորհքը՝՝։

Մարդացեալ Բանը, ներքնապէս կը բարեփոխէ մարդկային գոյութիւնը, մասնակցելով՝ մեր մարդկային բնութեան։ Ան մեզի պէս դարձաւ որպէսզի մենք անոր նմանինք։ Միթէ՞ ասիկա հիմնական պատճառ մը չէ մեր ակնարկը բարձրացնելու դէպի Աստուած ու գոհութիւն մատուցանելու Անոր։ Տարեվերջը առիթ մըն է մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու Բարձեալին վերջին 12 ամիսներուն մեզի շռայլած պարգեւներուն համար։ Ահա ասոր համար քրիստոնեայ հասարակութիւնը միատեղ կը համախմբուի ու կ՛երգէ ՜՜Փառք ի բարձունս աղօթքը՝՝, ուղղուած՝ Ամենասուրբ Երրորդութեան։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ ըսենք. ՜՜Տէր, դուն ես մեր յոյսը եւ մենք Յաւիտեան պիտի փրկուինք՝՝։

Գոհաբանական աղօթքը կը փակուի վստահութեամբ լի հաւատքի ու յոյսի աղաղակով։ Քրիստոս մեր յոյսն է։ Հռոմի եկեղեցւոյ սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ, հայցենք Տիրոջմէն որ մեզմէ ամէն մէկը ըլլայ ճշմարիտ խմորը քրիստոնէական յոյսի, որպէսզի մեր քաղաքի բոլոր բնակիչները լաւագոյն կեանք ունենան։ Այս է իմ մաղթանքը այս տարեվերջին։ Այս մաղթանքը կը յանձնեմ ամենասուրբ Կոյս Մարիամի մայրական բարեխօսութեան։ Մարիամ, Աստուծոյ մայրը եւ յոյսի Աստղը։

այժմ լսելի կ՛ընենք փառք ի բարձունս շարականը RealAudioMP3



 








All the contents on this site are copyrighted ©.