2008-12-31 12:53:10

Կաղանդի աւանդութիւններ եւ հետաքրքրտական գիտելիքներ։Նոր տարուան տօնը ամէնէն հին տօներէն մէկն է։


Հին Բաբելոնի մէջ է, որ 4 հազար տարի առաջ, առաջին անգամ ըլլալով տօնուեցաւՆոր տարին:

Ք. Ա. մօտաւորապէս 2000 թուականներուն բաբելացիներուն Նոր տարին կը սկսէր գարնան առաջին օրուան յաջորդող առաջին նոր լուսինին հետ։ Գարնան սկիզբը տրամաբանական ժամանակ մըն էր Նոր տարին սկսելու։ Գարունը վերածնունդի եղանակն է, նոր բերք ցանելու եւ ծաղկելու։ Մինչ յունուար մէկը ոչ մէկ աստղաբաշխական կամ երկրագործական իմաստ մը ունի։

Բաբելացիներուն Նոր տարուան տօնակատարութիւնները կը տեւէին տասնմէկ օր։ Իւրաքանչիւր օր ունէր իր տօնելու յատուկ ձեւը։

Հռոմէացիները շարունակեցին Նոր տարին տօնել մարտ ամսու վերջաւորութեան սակայն անոնց օրացոյցը միշտ փոփոխութիւններ կրած է տարբեր կայսրերու իշխանութեան ընթացքին։

Յուլիոս կայսրն է, որ յունուար մէկը իբրեւ Նոր տարուան առաջին օրը նշանակած է Ք Ա 46 թուականին։ Սակայն այս իր անունը կրող օրացոյցը արեւուն հետ համապատասխանեցնելու համար Յուլիոս կայսրը ստիպուած եղած է հին տարին երկարելու մինչեւ 445 օր։

Նոր տարուան որոշումներ

Հռոմի մէջ Նոր տարիին որոշումներ կայացնելու սովորութիւնը սկսած է Ք Ա 153 թուականին, երբ Ժանուս՝ հին Հռոմի առասպելական թագաւորներէն մէկը, կը դրուի օրացոյցին գլուխը։

Երկու գլուխներով օժտուած Ժանուս կրնար նայիլ դէպի ետեւ՝ անցած պատահածները եւ դէպի առջեւ՝ դէպի ապագան։ Ան դարձաւ որոշումներու հին խորհրդանիշը։ Հռոմէացիները սկսան նաեւ իրարու նուէրներ տալու սովորութիւնը՝ Նոր տարուան գիշերը իրարու նուիրելով սուրբ ծառերու ճիւղեր իբրեւ բարի մաղթանք։ Հետագային անոնք փոխանակեցին մրգեղէններ կամ Ժանուս չաստուածին պատկերով տպուած դրամներ։

Նոր տարուան որոշումներ առնելու սովորութիւնը ունէին նաեւ բաբելացիները։ Մինչ արդի Նոր տարուան որոշումներէն ամէնէն տարածուածները նիհարնալը կամ ծխելէ դադրիլն է, բաբելացիներուն ամէնէն ժողովրդական որոշումը փոխ առնուած ագարակի առարկաներուն վերադարձնելն էր։

Արդի սովորութիւններ

- Նոր Զելանտայի Կիսպորն քաղաքը աշխարհի առաջին քաղաքն է, որ կը տեսնէ Նոր տարուան առաջին արեւին ծագիլը։

- Նիւ Եորքի Թայմզ Սքուէր հրապարակին կեդրոնը կախուած հսկայական փայլփլուն գունդը կը սկսի վար առնուիլ գիշերը ժամը 11։59-ին, այսինքն՝ Նոր տարուան վերջին վայրկեանին, եւ ան գետին կը հասնի կէս գիշերուան տասներկու զարկերուն հետ։

- Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ այդ օրը տեղի կունենայ Սփենկլըր քափ սառոյցի վրայ հոքիի մրցաշարքին վերջին մրցումը։

- Ֆիլիփիններու մէջ մարդիկ կը սիրեն շատ աղմուկ հանել Նոր տարուան գիշերը՝ չար ոգիները հեռացնելու համար, եւ՝ մետաղադրամները շարժել պզտիկ թիթեղէ տուփիկներու մէջ, դարձեալ ձայն հանելով, յուսալով, որ ասիկա իրենց դրամ պիտի բերէ եկող տարին։



- Լատին Ամերիկայի մէջ տակաւին կը շարունակուին սպանական հին սովորութիւնները, ինչպէս Մեքսիքայի մէջ՝ կարմիր ներքնազգեստ հագնիլ այդ գիշերը այդ տարին սիրահար մը գտնելու յոյսով, կամ դեղին ներքնազգեստ՝ դրամ ստանալու յոյսով։ Իսկ թաղամասին շուրջը ճամբորդութեան պայուսակով մը դառնալը կրնայ այդ անձին բերել իր երազած ճամբորդութիւնը։

- Ճափոնի մէջ պուտտայական տաճարներու մէջ զանգակները կը զարնուին 108 անգամ, 31 դեկտեմբերի կէս գիշերին։

?







All the contents on this site are copyrighted ©.