2008-12-31 13:32:46

Զանազան Լուրեր։

Նախագահ Սերժ Սարգսեան կը շնորհաւորէ Մաեսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանի ծննդեան 80-ամեակը։


Հայաստանի Նախագահի նստավայրէն կը հաղորդեն, որ Սերժ Սարգսեանը Դեկտեմբեր 23-ին հեռախօսային զրոյց մը ունեցած է հանրածանօթ խմբավար, Հայաստանի պետական ակադեմիական երչախումբի գեղարուեստական ղեկավար, պետական բազմաթիւ մրցանակներու դափնեկիր Յովհաննէս Չեքիճեանի հետ։ Սերժ Սարգսեան արդարեւ շնորհաւորած է Մաեսթրօ Չեքիճեանը իր ծննդեան 80-ամեակի առթիւ, ընդգծելով անոր մեծ ներդրումը հայկական մշակոյթի զարգացման եւ տարածման գործին մէջ, մաղթելով անոր առողջութիւն, անսահման երջանկութիւն եւ ստեղծագործական յաջողութիւններ։

ՄԱԿ-ը 2009 Թուականը Կը Հռչակէ Աստղագիտութեան Միջազգային Տարի։

Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետը շաբաթ մը առաջ յարգանքի տուրք մատոյց իտալացի աստղագէտ եւ բնագէտ Կալիլէոյի-ն ըսելով, թէ ՝՝ան, ինչպէս նաեւ՝ այլ գիտնականներ, նպաստած են, որ հաւատացեալներ աւելի լաւ հասկնան եւ երախտագիտութեամբ խորհրդածեն Տիրոջ գործերուն վրայ։Յառաջիկայ Մայիսին Վատիկանէն պատասխանատուներ պիտի մասնակցին Միջազգային Գիտաժողովի մը՝ վերաքննելու համար Կալիլէոյի հարցը։ Վատիկանի բարձրաստիճան եկեղեցականները այժմ կըսեն, թէ ՝՝Կալիլէօ պէտք է հռչակուի հաւատքի եւ բանականութեան միջեւ երկխօսութեան պաշտպանը՝՝։ Կալիլէօ Կալիլէի-ի համար ասիկա բախտի անիւի շրջադարձ մըն է (կրնանք ըսել)։ 1564-ին ծնած եւ 1642-ին մահացած այս մեծ իտալացի գիտնականը շինած է առաջին ամբողջական աստղադիտակը եւ զայն օգտաործած է՝ ապացուցանելու համար, թէ ՝՝երկիրը կը դառնայ արեւուն շուրջ՝՝։ Այդ ժամանակներուն եկեղեցական ուսմունքները երկիրը կը տեղադրէին տիեզերքին կեդրոնը,ուստի Եկեղեցին Կալիլէոյի տեսութիւնը դատապարտած էր իբրեւ վտանգ՝ հաւատքի դէմ։ Սակայն Կալիլէօ դիմադրած էր կրօնական ղեկավարներու ազդարարութիւններուն։

1633-ին իբրեւ հերետիկոս դատական հետապնդումի ենթարկուելէ ետք, Կալիլէօ կը պարտաւորուէր ժխտել իր գաղափարները, ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուելով..... սակայն աւելի ուշ անոր պատիժը մեղմացած էր եւ ան տնային կալանքի ենթարկուած էր։Եկեղեցին տարիներ շարունակ կը ձգտէր ձերբազատուիլ գիտութեան դէմ թշնամիի իր տխրահռչակ համբաւէն՝ մասամբ իր սեփական աստղադիտակէն մատուցելով բարձրորակ ուսումնասիրութիւններ։Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը 1992-ին յայտարարեց, թէ ՝՝Կալիլէոյի դէմ դատական վճիռը սխալ մըն էր՝՝, որ հետեւանք էր փոխադարձ ողբերգական անհասկացողութեան։ Կալիլէոյի Յոբելեանը յայտնապէս Վատիկանի համար նոր խթան մըն է՝ ընդմիշտ լուծում մը բերելու համար հարցին։ Նման քայլով Վատիկանի պատասխանատուները կը շեշտեն ՝՝Կալիլէոյի հաւատքը՝՝, ինչպէս նաեւ՝ անոր գիտութիւնը, ցոյց տալու համար, թէ այս երկուքը չեն ժխտեր զիրար։ Անցեալ ամիս Վատիկան կայացած խորհրդաժողովին, որ կը կրէր ՝՝Գիտութիւն,Կալիլէօ Կալիլէիէն 400 տարի ետք՝՝ վերնագիրը, Վատիկանի Պետական Քարտուղարը Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ յայտարարեց, թէ ՝՝Կալիլէօ աստղագէտ մըն էր, սակայն նաեւ՝ անձ մը, որ սիրով զարգացուցած էր իր հաւատքը եւ կրօնական խոր համոզումը՝՝։Կալիլէօ Կալիլէի հաւատքի մարդ մըն էր, որ բնութիւնը կը նկատէր Աստուծոյ հեղինակած մէկ իրքը,( ըսած էր Կարտինալ Պերթոնէ)։ Խորհրդաժողովը հովանաւորողներէն՝ Վատիկանի Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդի գլխաւոր ներկայացուցիչ Արք. Ճիանֆրանքօ Ռաւազի Վատիկանի Ձայնասփիւռին յայտնած է, թէ՝ ՝՝Կալիլէօ կրնայ դառնալ գիտութեան եւ հաւատքի միջեւ երկխօսութեան իտէալ պաշտպանը՝՝։Ան ըսած է, թէ Կալիլէոյի գրութիւնները կընձեռէին ուղի մը՝ հետազօտելու համար այն իրողութիւնը, թէ հաւատքն ու բանականութիւնը էապէս իրարու ներհակ չեն։Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետը խորապէս համոզուած է հաւատքի եւ բանականութեան համաձայնութեան ։Ան նախանձախնդիր է, որ մանաւանդ ներկայ պայմաններուն մէջ բանականութեան տրուի իրեն արժանի տեղը՝ իրերու ամբողջ դրուածքին մէջ։ Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Հայրը աստուածաբան է եւ հաւատքի ու տրամաբանութեան կապին հետազօտութիւնը վերածած է Քահանայապետական իր առաքելութեան գլխաւոր մէկ աշխատանքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.