2008-12-28 13:09:34

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին կիրակնօրայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Կիրակի, Դեկտեմբեր 28, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կէսօրին Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց. Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, այսօր եկեղեցին կը յիշատակէ Ս. Ընտանիքի տօնը, ըստ լատինաց։ Ծնունդը, ըսաւ Նորին սրբութիւնը ինքնին ընտանիքի տօնն է, բաւարար է դիտել ծննդեան աւանդութիւններն ու սովորութիւններըը, ուր ընտանիքները միատեղ կը համախմբուին, միասին կը ճաշեն ու կը փոխանակեն նուէրները։ Ապա Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ թէ ընտանիքի մասին խօսելով, կարելի չէ չխօսիլ յառաջիկայ յունուար 14-18 Մեքսիքոյի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունենալիք ընտանիքներու համաշխարհային 6-րդ հանդիպումը։ Այժմէն աղօթենք այդ հանդիպումին յաջողութեան համար եւ Տիրոջ յանձնառարենք ամէն ընտանիք, մասնաւորապէս անոնք որոնք դժուարութիւններու մէջ են։ Բեթղեհէմ ծնած Փրկիչը, բոլոր ընտանիքներուն տայ խաղաղութիւն, անդորրութիւն եւ ոյժ միացած ընթանալու բարի ճանապարհին վրայ։

Մարեմեան աեօթքին աւարտին, ի լուր ս. Երկրի մէջ տեղի ունեցող զինեալ բախումներու, որուն հետեւանքով հարիւրաւոր հոգիներ սպաննուած ու վիրաւորուած են, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանաղփապետը կոչ ըրաւ որպէսզի զէնքերը դադրին, բացականչելով.Կարելի չէ որ Յիսուսի երկրաւոր հայրենիքը դաշտը ըլլայ միշտատեւ զինեալ ընդհարումի։ Կոչ կ՛ուղղեմ որպէսզի շուտափոյթ դադրին կռիւները։ Պատերազմը միշտ դատապարտելու է։ Մարդկայնութիւն ու իմաստութիւն կը խնդրեմ բոլոր պատասխանատուներէն վերջ տալու արիւնահոսութեան։ Կը խնդրեմ միջամտութիւնը Միջազգային հասարակութեան եւ ամէն ճիգ թող թափէ կեցնելու պատերազմը։ Յիսուսին` խաղաղութեան Իշխանին բարձրացնենք մեր ջերմագին աղօթքը եւ ս. ընտանիքին ըսենք. դուք որ փորձարկեցիք տառապանքը խաղաղութիւն տուէք աշխարհին եւ մասնաւորապէս ս. Երկրի բնակիչներուն։ Հուսկ նորին սրբութիւնը բոլոր ներկաներուն ըսաւ. Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի կիրակի եւ Ծնունդի ապրում խաղաղութեան եւ ուրախութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.