2008-12-28 13:52:25

Ծիսական ժամանակացոյց


կիրակի դեկտեմբեր 28 Ը կիրակի Յիսնակաց

Ընթերցում ս. Ղուկասի Աւետարանէն գլուխ 19, 11-28 համարները։

Մնասներու առակը -Մինչ այս խօսքերը կը լսէին անոնք, ու Երուսաղէմի կը մօտենար եւ այնպէս կը կարծէին, թէ շուտով պիտի յայտնուէր Աստուծոյ արքայութիւնը՝ առակ մը աւելցուց, եւ ըսաւ Ազնուական մարդ մը, հեռու երկիր մը գնաց, (այն նպատակով), որ իր թաաւորութեան տիրանալէ ետք՝ վերադառնայ։ Իր քով կանչեց իր ծառաները, տաս մնաս տուաւ անոնց եւ ըսաւ շահագործեցէք այդ, մինչեւ վերադառնամ։ Սակայն՝ (որովհետեւ) զինք կ՛ատէին իր քաղաքացիները, անոր ետեւէն պատուիրակներ ղրկեցին եւ ըսին, թէ չենք ուզեր, որ ա՛ն թագաւորէ մեր վրայ։ Բայց այնպէս պատահեցաւ, որ իր թագաւորութեան տիրանալէ ետք վերադարձաւ եւ իր քով կանչեց ծառաները, որոնց դրամը տուած էր, գիտնալու համար, թէ ով՝ ինչ շահեցաւ։ Առաջինը եկաւ եւ ըսաւ, Տէր, տաս մնաս բերաւ քու մնասդ։ Եւ ըսաւ անոր ազնիւ եւ բարի ծառայ, քանի որ հաւատարմութիւն ցոյց տուիր այդ քիչ բանի մէջ, տաս քաղաքի վրայ իշխանութիւն ունեցիր։ Երկրորդը եկաւ եւ ըսաւ Հինգ մնաս բերաւ քու մնասդ։Եւ ըսաւ անոր Դուն ալ՝ հինգ քաղաքի վրայ (իշխանութիւն) ունեցիր։ Միւսն ալ եկաւ եւ ըսաւ Տէր, ահա քու մնասդ, որ թաշկինակի մէջ կապած քովս պահած էի կը վախնայի քեզմէ, որովհետեւ դաժան մարդ ես, կը վերցնես (բան մը), որ դուն չէիր դրած եւ կը հնձես (բան մը), որ դուն չէիր սերմանած։ Եւ ըսաւ անոր Հիմա քո՛ւ բերնովդ պիտի դատեմ քեզ, չար ծառայ։ Գիտէիր, որ դաժան մարդ եմ, (բան մը) կը վերցնեմ, որ ե՛ս չեմ դրած, (տե՛ղ մը) կը հնձեմ, ուր ե՛ս չեմ սերմանած։ Ինչո՞ւ սեղանաւորներուն չտուիր իմ դրամս, որ գալով՝ տոկոսներով պահանջէի այդ։ Եւ սպասաւորներուն ըսաւ Առէ՛ք անկէ մնասը եւ տարէք, անո՛ր տուէք (այդ), որ տասը մնասն ունի։ Եւ ըսին անոնք Տէր, ունի՛ արդէն տասը մնաս։ (Ան պատասխանեց), ըսեմ ձեզի, թէ (աւելին ալ) պիտի տրուի բոլոր անոնց, որ ունին, մինչ անկէ, որ չունի՝ անոր ունեցածն ալ պիտի առնուի։ Բայց հոս բերէք իմ թշնամիներս, որոնք չէին ուզեր, որ ես թագաւորեմ իրենց վրայ եւ իմ առջեւս մորթեցէք ատոնք։ Ապա այս ըսելով առաջ անցաւ, որ Երուսաղէմ երթայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.