Եղիշէ Չարենցի Կարսի Հայրական Տունը Կը Վերանորոգուի Հայ Բարերարի Մը Կողմէ
Հայաստանի
ազգային գրադարանին մէջ անցեալ Շաբաթ ներկայացուած է Յովհաննէս Պապիկեանի ՝՝Կարօտի ճամփաներ՝՝
գիրքը։ Գրադարանի տնօրէն Դաւիթ Սարգսեան նշած է, որ գրքի ստեղծման հիմնական առիթը եղած
է Եղիշէ Չարենցի՝ Կարսի հայրական տան փնտռտուքը։ Տունը գտնուած է։ Ան ունի 300 քառակուսի
մեթր տարածք։ Պոլսահայ բարերար Տիրան Ալթուն յանձն առած է լիովին վերակառուցել զայն՝
վերածելով երկյարկանի թանգարանի, ուր հետագային պիտի զետեղուին բանաստեղծի կեանքի եւ
գործունէութեան մասին պատմող փաստեր, լուսանկարներ, գիրքեր, չարենցեան շունչ ու ոգի ներշնչող
իրեր։ Միւս կողմէ մեծ բանաստեղծի տունը հայկական մշակութային կեդրոն դարձնելով՝ Կարսի
մէջ մեծ հաւանականութեամբ նոր ուխտատեղի մը ունենալու հիանալի հեռանկար կը բացուի։
Գիրքի առանձին բաժիններով նկարագրուած են նաեւ հեղինակի՝ Պայազէտ, Էրզրում,
Վան, Անի, Մուշ կատարած այցելութիւններն ու սփիւռքահայ մշակութային գործիչներու հետ ունեցած
հանդիպումները։