2008-12-26 13:56:22

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետին Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը Ս. Ստեփանոսի տօնին առթիւ։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետը Ուրբաթ 26 Դեկտեմբեր 2008ի կէսօրին իր գրասենեակի պատշգամէն Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց Ս. Պետրոս հրապարակը խմբուած մեծաթիւ իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն

Սրբզ Պապը ըսաւ. ՜՜ Յիսուսի Ծննդեան յաջորդ օրը, եկեղեցին կը յիշատակէ Ս. Ստեփանոս նախավկայի տօնը։ Ան եղաւ եկեղեցւոյ առաջին նահատակը եւ սարկաւագ ընտրուեցաւ առաքելական դասէն։ Ստեփանոս (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը) եղաւ եղբայրօգնութեան, ներումի ու Յարուցեալ Քրիստոսի սիրոյ անյաղթ վկայ մը, Թող Թագուհի նահատակաց`Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի աղօթքը դարձնէ ձեզ հաւատաւոր վկաները Աւետարանին, ապրուած ճշմարտութեան ու սիրոյ մէջ։ Բոլոր Ստեփաներուն անուան տօնը կը շնորհաւորեմ. ձեր բոլորին կու տամ իմ առաքելական օրհնութիւնը։

Յայտնենք թէ՝ մեծ շուքով նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս նախավկայի տօնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ։ Քրիստոնէական հաւատքի պաշտպանութեան համար նահատակուած առաջին սուրբին՝ Ս. Ստեփանոս նախավկայ սարկաւագի տօնի նախօրեակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը կազմակերպուած՝ դպրեվանքի սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն կողմէ։ Տեսչութեան անդամներուն եւ միաբան հայրերուն ներկայութեան, դպրեվանքի սարկաւագաց դասը ելոյթ ունեցաւ, դասախօսութեանց ճամբով ներկայացնելով նախասարկաւագին անձը եւ ծառայութիւնը։ Սարկաւագը եկեղեցւոյ մէջ նիւթով դասախօսութիւն մը ներկայացուց Մուրատ սրկ. Չորպաճեան։ Ան խօսեցաւ այսօրուան երիտասարդին դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին՝ շեշտելով նոր սերունդի քրիստոնէական եւ հայեցի կազմաւորման անհրաժեշտութիւնը։ Ան նաեւ անդրադարձաւ ծառայական կերպերուն եւ այսօրուան պայմաններուն համապատասխան ծառայութիւն մատուցելու կարելիութիւններուն, յատկապէս եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Երեկոն եզրափակեց եւ դպրեվանեցիներուն իր սրտի խօսքը ուղղեց Գրիգոր Ծ վրդ Չիֆթճեան։ Ան բացատրեց ծառայութիւն բառին այժմէական իմաստը։ Ան ըսաւ Ծառայութիւնը փոխան վարձատրութեան կատարուող աշխատանք մը չէ՛, այլապէս պարպուած կ՛ըլլայ իր իմաստէն։ Ծառայութիւն բառը իր ամբողջական իմաստը կը ստանայ, երբ կ՛իրագործուի անձնանուիրումի ճամբով, ինչպէս եղաւ Գործ առաքելոցի մէջ յիշուած եօթը սարկաւագներուն պարագային, եւ ընդհանրապէս քրիստոնէութեան առաջին դարերու անձնուէր սուրբերուն պարագային։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.