2008-12-26 14:02:23

Լուրեր հայ աշխարհէն

Հայաստան - Սփիւռք գործակցութեան քննարկում


Երեւանի մէջ սկիզբ առած է զարգացման հայեցակարգի քննարկումը զոր ներկայացուցած է Մարդկային զարգացման միջազգային կեդրոնը։ Այս հանգրուանին քննարկուելիք հինգ թեմաներուն շարքին են՝ զարգացման ռազմավարութիւնը, չօգտագործուած կարելիութիւններն ու ներկայ մարտահրաւէրները, որոնք կանգնած են Հայաստանի ու Սփիւռքի առջեւ։ Այս առթիւ Հայկական ատլանտեան ընկերակցութեան տնօրէնը եւ Մարդկային զարգացման միջազգային կեդրոնի ղեկավարը Թեւան Պօղոսեան ըսած է թէ կեդրոնը կը մշակէ զարգացման հայեցակարգը օգոստոսէն ի վեր՝ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան համար եւ զայն դրած է քննարկումի՝ հանրութեան եւ մասնագէտներու մասնակցութեամբ։ Պօղոսեանի համաձայն , բոլոր արտայայտուած միտքերն ու առաջարկները պիտի ամփոփուին ու ներկայացուին Սփիւռքի նախարարութեան՝ վերջնական քննարկման համար։



Թուրքիոյ մէջ Հայկական Եկեղեցիներու եւ Վանքերու վերանորոգում

Վերջերս Թուրքիոյ մէջ հայկական յուշարձաններու նկատմամբ հսկողութեան ու պահպանման լուրջ աշխատանքներ սկսած են, երբ թրքական կառավարութիւնը որոշած է մեծ ուշադրութեան արժանացնել ոչ միայն իսլամական ծագում ունեցող, այլեւ երկրին տարածքը գտնուող այլազգի մշակութային կոթողները։ Երեւանի մէջ կայացած գիտաժողովին հետեւեալ խորագիրով. ՜՜Հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը, Հայաստանի հանրապետութեան եւ արտերկրի մէջ՝՝ հրաւիրուած է նաեւ թրքահայ ճարտարապետ Զաքարիա Միրտանօղլի որ յայտնած է, թէ թուրքը նոյնիսկ իր քարուանսարաներուն ու մզկիթներուն նկատմամբ պատշաճ հոգատարութիւն չի ցուցաբերեր։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.