2008-12-25 13:29:53

Հինգշաբթի 25 Դեկտեմբեր 2008 Տօն Ծննդեան Քրիստոսի


 Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ – Ձեզի մեզի մեծ աւետիս

Մարդկութեան համար մեծագոյն աւետիսը ահա կը թնդայ աշխարհիս վրայ. Ծնաւ Մեսիան, Աստուծոյ Որդին, Փրկիչը որ խոստացուած էր ստեղծագործութենէն ի վեր եւ որուն կը սպասէր բոլոր մարդկութիւնը. Ահա օրը եւ ժամը ուր Աստուած, իր Միածին Որդւոյն միջոցաւ, կը մտնէ աշխարհ, կու գայ մաս կազմելու մարդկային պատմութեան, որպէսզի դարմանէ անդարմանելի վէրքը, միացնէ անծածկելի ճեղքը, այն զոր բացաւ առաջին մարդը, կամովին չհնազանդելով Աստուծոյ։

Հրեշտակները կը փութան աւետելու այս լուրը եղելութեան անտեղեակ մարդկութեան. Սակայն մեծամասնութիւնը քունի մէջ է, կարծէք հրաժարած` սպասումի դրութենէն. Մարդիկ այլեւս ժամանակ չունին զբաղելու Աստուծոյ գործերով եւ գոցուած են իրենք իրենց մէջ. Միակ անձերը որոնք կ՛իմանան հրեշտակներու կոչը` դուրսը իրենց հօտերուն հովուութիւն կատարող հասարակ ու աղքատ հովիւներ են. Անոնք կ՛ըմբռնեն, իրենց պարզութեան մէջ` հրեշտակներու աւետիսին կարեւորութիւնը եւ անմիջապէս կը համապատասխանեն, երթալով այն վայրը զոր անոնք ցոյց կու տան։

Ծնած մանուկին առջեւ կը մոռցուին բոլոր մտահոգութիւններն ու դժուարութիւնները որոնք կանխեցին իր ծնունդը. Նիթական նեղութիւններուն` ճամբորդութիւն, յարմար տեղի չգոյութիւն... վրայ աւելցան հոգեկան տառապանքները, կասկած եւ վտանգաւոր կացութիւն Մարիամի ամուսնութենէ դուրս պատահած յղութեան. Սակայն Տիրոջ հրեշտակի օգնութեամբ` հարթուեցան բոլոր դժուարութիւնները եւ ծնաւ Մանուկը։

Ինչպէս ամէն ընտանիքի մէջ` երբ մանուկ մը ծնի, անոր ուրախութիւնը մոռցնել կու տայ նախապէս զգացուած բոլոր ցաւերն ու տառապանքները, եւ ուրախ ժպիտը կը փայլի բոլոր դէմքերուն վրայ, նոյնպէս ալ Քրիստոսի ծնունդը ուրախութիւն կը պատճառէ իր շուրջիններուն եւ համայն մադկութեան։

Եկէ՛ք ուրեմն օգտուինք այս ուրախութեան մթնոլորտէն. Ուրախ ըլլանք նախ մենք, մոռնալով մեր բոլոր ցաւերն ու տրտմութիւնները, ուրախացնենք մեր շուրջինները, նուիրելով անոնց մեր սիրտը, միշտ պատրաստ` ծառայութիւն մատուցանելու մանաւանդ անոնց որոնք կարօտ են օգնութեան. Ի վերջոյ ուրախացնենք նաեւ Տէրը, մաքրելով մեր հոգիները ամէն տեսակ բիծէ ու աղտեղութենէ։

Ուրախ պահենք մեր անմիջական շրջակայքը, մեր ընտանիքը, մեր ազգականները, մեր բարեկամներն ու հարեւանները, մեր գործակիցներն ու թաղեցիները, մեր սրտերէն դուրս խլելով ամէն տեսակ ոխ եւ թշնամութիւն, ընդհանուր ներում եւ հաշտութիւն գոյացնելով մեր շուրջը, որպէսզի աճի ու բարձրանայ սէրը ամենուրեք, ու սիրոյն հետ` տիրէ խաղաղութիւնը եւ ուրախութիւնը բոլոր սրտերուն մէջ։

Ահա այս է ճշմարիտ պարգեւը Քրիստոսի Ծննդեան տօնին. Մենք սովորութիւն ունինք նուէրներ ընելու իրարու այս առթիւ, ինչպէս նաեւ մաղթանքներ կատարելու։ Իրագործենք մեր մաղթանքները` ներելով եւ ներում շնորհելով իրարու եւ, փոխանակ նուէրներու` տանք մեր սիրտը, այսինքն մեր աջակցութիւնն ու մխիթարանքը բոլոր մեզ շրջապատող անձերուն. Այսպէսով իրագործած կ՛ըլլանք այն համատարած ուրախութիւնը որ կը բերէ մեզի ամէնուս` Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.