2008-12-23 13:56:28

Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։


 

Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։



Ըստ ֆրանսկան Լը Մոնտ-ի Հայերու Ցեղասպանութեան Նիւթը Թուրքիոյ Մէջ Կը Շարունակէ ՝՝ԹԱՊՈՒ՝՝ Մնալ։

Վերջերս Թուրքիոյ մէջ մեծ աղմուկ բարձրացուցած եւ տարբեր քննարկումներու ու քննադատութիւններու պատճառ դարձած ՝՝ներողութիւն կը հայցեմ՝՝ նախաձեռնութեան անդրադարձած է նաեւ ֆրանսական Լը Մոնտ պարբերականը։

Նշելով, որ թրքական պաշտօնական ժխտողական քաղաքականութիւնը միշտ կ՝ընդդիմանայ բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն հակառակիլ պաշտօնական պատմական թեզին, Լը Մոնտ կը գրէ ՝՝20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան զոհ դարձած մօտ 1 միլիոն հայերու ճակատագիրը Թուրքիոյ մէջ կը շարունակէ մնալ իբրեւ ՝՝թապու՝՝։Սակայն Թուրքիա այսօր արդէն չի կրնար խոյս տալ ինքնավերլուծումէն, որովհետեւ 90 տարի Թուրքիոյ մէջ ժխտուող հայկական տարրը ասպարէզ դուրս եկած է, կը գրէ թերթը։ Անդրադառնալով նաեւ նախաձեռնութեան առնչութեամբ Թուրքիոյ մէջ հնչող քննադատութիւններուն եւ այդ հարցով Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի հանդուրժողական մօտեցումին՝ թերթը կը գրէ ՝՝Ըստ Կիւլի, նման քննարկումներ կազմակերպելու կարելիութիւնը կապացուցէ թրքական ժողովրդավարութեան հասունութիւնը՝՝։ Սակայն քեմալական պատգամաւոր մը, նախագահը կը մեղադրէ հայկական արմատներ ունենալուն համար։ Թուրքիոյ մէջ ՀԱՅ բառը մարզադաշտերուն եւ դպրոցներու բակերուն մէջ, դասամիջոցներու ընթացքին, խորհրդարանի միջանցքներուն մէջ տակաւին շատ յաճախ կօգտագործուի իբրեւ ՝՝վիրաւորանք՝՝։



Համաս Կը Սպառնայ Իսրայէլի Մէջ Անձնասպանական Գործողութիւններով Հակադարձել։

Կազայի մէջ գործող պաղեստինեան զինեալ խմբաւորումները 24 ժամուան զինադուլ մը կը յարգեն՝ ընդառաջելով Եգիպտացի միջնորդներու խնդրանքին։ Եգիպտական միջնորդութեամբ վեցամսեայ զինադուլը վերջ գտաւ ուրբաթ օր 19 Դեկտեմբերին եւ սահմանային շրջանին վրայ արձանագրուած զինարձակումները աւելի ընդլայնուած բախումներու շուրջ մտավախութիւններ կը յառաջացնեն։



Ռուսիա ԵԱՀԿ-ը Կը Ստիպէ 1 Յունուարէ Սկսեալ Հեռանալ Վրաստանէն։

ԵԱՀԿ յայտարարեց, որ 1 յունուարէն սկսեալ պիտի սկսի իր առաքելութիւնը հեռացնել Վրաստանէն ։Միացեալ Նահանգներ եւ 56 անդամներէ բաղկացած ԵԱՀԿ-ի անդամ եւրոպացի դաշնակիցները Հարաւային Օսեթիոյ անկախութիւնը չեն ճանչցած։ Անոնք, բանակցութեանց ժամանակ ընծայելու համար, կը ձգտէին 31 դեկտեմբերէն ետք ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը երեք ամիսով երկարաձգել, սակայն Ռուսիա մերժեց այդ գաղափարը։ ԵԱՀԿ-ի ատենապետը ըսած թէ ՝՝ժողովրդավարութիւն եւ մարդկային իրաւունքներ ջատագովող ԵԱՀԿ-ի 200 անդամնոց անձնակազմի հեռացումը քանի մը ամիս պիտի տեւէ՝՝։ Շուրջ երկու տասնեակ զինուորական դէտեր պիտի շարունակեն այդտեղ մնալ մինչեւ 19 փետրուար։ ԵԱՀԿ-ի դէտերուն օգոստոսէն ի վեր արգիլուած էր Հարաւային Օսեթիա մուտք գործելը։



Նոր Նաւահանգիստ Վրաստանի Սեւծովեան Ափին՝ Ատրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ։

Ատրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութիւնը կը ծրագրէ նոր նաւահանգիստ մը կառուցել Վրաստանի սեւծովեան ափին։ Այդ մասին նշուած է հաղորդագրութեամբ մը, որ հրապարակուած է ընկերութեան կողմէ Դեկտեմբեր 22ին։Նոր նաւահանգիստին կառուցման ծախսերը պիտի ապահովուին վրացական Քուլեւ կայանի շահագործման եկամուտէն։



Թուրքիոյ Ելեկտրականութիւն Ծախելու Համաձայնութիւնը՝ Ի Զօրու։

Դեկտեմբեր 22ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեան յայտնեց, թէ Հայաստանէն դէպի Թուրքիա ելեկտրականութիւն մատակարարելու առնչութեամբ ստորագրուած համաձայնութիւնը ի զօրու կը մնայ, եւ հերքեց շրջանառուող այն լուրերը, ըստ որոնց գործառնութիւնը զանց առնուած է։Ըստ Արմէն Մովսիսեանի, ներկայիս ոչ մէկ խնդիր կը խոչնդոտէ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը, եւ 2009ի Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն պիտի սկսի ելեկտրականութիւն մատակարարուիլ դէպի Թուրքիա։ Թուրք գործընկերները կը վստահեցնեն որ պայմանաւորուած շրջանակներու մէջ կիրականացուին բոլոր նախատեսուած ծրագիրները,( հաստատած է նախարարը)։








All the contents on this site are copyrighted ©.