2008-12-22 13:20:24

Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբզ. Քահանայապետին Ծննդեան ու Ամանորի բարեմաղթութիւնները Վատիկանի պաշտօնատարութեան։


Երկուշաբթի 22 Դեկտեմբեր 2008, Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբզ. Քահանայապետը ընդունեց Քահանայապետական Տան անձնակազմը որոնք եկած էին յայտնելու իրեն Ս. Ծննդեան ու Ամանորի բարեմաղթութիւնները։ Իր արտասանած ճառին մէջ, Սրբազան Հայրը ըսաւ. Ահա կը գտնուինք Յիսուսի Ս. Ծննդեան տօնի սեմին։ Ամէն ընտանիք, Յիսուսի Ծննդեան տօնին առթիւ, բաղձանքը կը զգայ համախմբուելու, միասնաբար վայելելու՝ ուրախուիթիւնը այս տօնին։ Քահանայապետական Տունը իր կարգին, իր բարի սովորութեան համաձայն, համախմբուած է, եւ ուրախութիւնն ունինք փոխանակելու մեր բարեմաղթութիւնները։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրին (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը) կ՛ուղղեմ իմ սիրալիր ողջոյնը, լի երախտագիտութեամբ եւ գնահատանքով, բոլոր այն ծառայութիւններուն համար որ կը մատուցանէք Ս. Պետրոսի Յաջորդին։ Խորապէս երախտապարտ եմ գահերէց կարտինալ Սոտանոյին, որ ձեր բոլորին անունով թարգմանը հանդիսացաւ Քահանայապետական Տան աշխատողներուն։

Ապա նորին սրբութիւնը ընդհանուր համապատկերը ներկայացուց անցնող 2008 տարւոյն, որուն ընթացքին (ըսաւ Սրբզ. Հայրը) ոգեկոչեցինք երջ. Պիոս ԺԲ. մահուան 50-րդ տարելիցը, Յովհաննէս ԻԳ. Քահանայապետին ընտրութեան 50-րդ տարեդարձը, Պօղոս Զ. Քահայանապետի ՜՜Մարդկային Կեանքը՝՝ շրջաբերական թուղթին 40-ամեակը եւ անոր մահուան 30-րդ տարելիցը։ Իսկ 20 Յունիս 2008-ի գիշերը, սկիզբ տուինք Պօղոս առաքեալի ծննդեան 2000-ամեակի յոբելինական տարւոյն, մասնակցութեամբ Կ.Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարք` գերերջանիկ Բարդողոմիոս Ա.ի եւ այլ քոյր եկեղեցինրեու ներկայացուցիչներուն։ Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. ուրիշ երեք այլ կարեւոր դէպքեր ապրեցանք. ՜՜ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը` Աուստրալիա, երկու առաքելական ճամբորդութիւններ, առաջինը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, իսկ երկրորդը`ֆրանսա։ Հուսկ Եկեղեցին ապրեցաւ այլ Պենետեկոստէ մը, վատիկան գումարելով Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական Սիւնոդոսը ՜՜Ս. Գիրքը՝՝ նիւթին մասին։ Նորին սրբութիւնը հուսկ՝ իր ճառը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով Ամենակալին, այն բոլոր բարիքներուն համար որ պարգեւեց Եկեղեցւոյ , 2008 տարւոյն ընթացքին։ Աղօթքս է (ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ.) որ Տէրը շարունակէ տալ իր շնորհքները բոլորին համար, բարեխօսութեամբ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին։ Ձեզի ամէնուդ կու տամ իմ առաքելական օրհնութիւնը մաղթելով որ Յիսուսի Ս. Ծնունդը ըլլայ բոլորին, տօն՝ ուրախութեան ու խաղաղութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.