2008-12-22 12:58:02

Ակնարկ մը Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ մը Միջազգային Դէպքերուն։



Իսրայէլ-Պաղեստին Տագնապը։

2009ի՝ 10 փետրուարին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, Իսրայէլի վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու կարելիութիւնը ունեցող երկու գլխաւոր թեկնածուները խոստացան ՝՝ընտրուելու պարագային տապալել Համաս Շարժումի իշխանութիւնը Կազայի մէջ։ Իսրայէլի Արտաքին Գործոց նախարար Ցիփի Լիվնի,( որ կը ղեկավարէ ՝՝Քատիմա՝՝ կուսակցութիւնը), յայտնեց, որ իր կառավարութեան ռազմավարական նպատակը պիտի ըլլայ Համասի վարչակարգը տապալել՝ օգտաործելով զինուորական, տնտեսական եւ դիւանաիտական միջոցները։ Իսրայէլի աջակողմեան Լիքուտ կուսակցութեան ղեկավար եւ վարչապետութեան պաշտօնին համար Լիվնիի գլխաւոր մրցակից Պենիամին Նեթանիահու կոչ ուղղեց ՝՝յարձակողական աւելի աշխուժ քաղաքականութիւն որդեգրելու,՝՝ ներկայ կառավարութիւնը, ներառեալ Լիվնին, ամբաստանելով կրաւորական կեցուածքով։ Իսրայէլեան բանակը յայտնեց, որ ուրբաթ օր(19 դեկտեմբեր) եգիպտական միջնորդութեամբ գոյացած զինադուլի աւարտէն ետք պաղեստինցի զինեալներ Իսրայէլի վրայ շուրջ 60 հրթիռներ արձակած են։ Իսկ Կազայի մէջ Համասի ղեկավար Իսմայէլ Հանիէ անտեսեց սպառնալիքը՝ յայտնելով, որ ՝՝ոչինչ կրնայ մեր ժողովուրդին վերջ տալ՝՝։ Լիվնի եւ Նեթանիահու իրենց յայտարարութիւնները կատարեցին ,Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդի հերթական նիստէն ետք։



Ռուս ոստիկաններ 100 Ցուցարարներ Կը Ձերբակալեն։

Ռուսական հակախռովարար ոստիկանութիւնը ձերբակալեց առնուազն 100 ցուցարարներ, որոնք տնտեսական տագնապին կապուած կառավարութեան քայլերուն դէմ կը բողոքէին։Հակախռովարար ոստիկանութիւնը ցրուեց նոր ինքնաշարժներու ներածման տուրքերուն դէմ կազմակերպուած ապօրինի ցոյց մը ։Տեղական լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ հինգ հարիւր ցուցարարներէն շուրջ 100-200 անձեր ձերբակալուած են, սակայն իշխանութիւնները մերժեցին հաստատել սոյն թիւը։ Մոսկուայէն վեց հազար քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ տնուող Վլատիվոսթոք նաւահանգիստին մէջ ցուցարարները վարչապետ Վլատիմիր Փութինին կոչ կուղղեն ջնջելու ինքնաշարժներու ներածման տուրքերու բարձրացումը, որ ըստ իրենց, կը քանդէ իրենց կենսամակարդակը։

Յունաստան։Խռովարարութիւններ Երրորդ Շաբաթն Ըլլալով։

Յունական խորհրդարանին կողմէ պետական պիւտճէի հարցով քուէարկութիւն կատարելէ առաջ ,Աթէնքի թաղերուն մէջ խռովարարութիւն տեղի ունեցաւ՝ երրորդ շաբաթն ըլլալով։ Ոստիկանութեան եւ երիտասարդներուն միջեւ բախումները շարունակուեցան մինչեւ ուշ գիշեր, երբ խումբ մը ցուցարարներ շաբաթ երեկոյեան(20 դեկտեմբեր) հաւաքուեցան Էքսարխիա շրջանին մէջ 6 դեկտեմբերին 15 տարեկան Ալեքսիս Կրիկորոփուլոսի սպանութեան վայրը։ Աթէնքի բազմարուեստից համալսարանը գրաւած ցուցարարներ հրավառ ռումբեր եւ քարեր նետեցին ոստիկանութեան վրայ, որ հակադարձեց արցունքաբեր կազով, մինչ ոստիկանական ինքնաշարժներ, կառավարական շէնք մը եւ դրամատուներ յարձակումի թիրախ դարձան՝ մայրաքաղաքին, Փրաուս քաղաքին եւ Կրետէ կղզիին մէջ։ Մինչ այդ, Յունաստանի աջակողմեան կառավարութիւնը յաւելեալ մարտահրաւէր մը պիտի դիմագրաւէ, երբ համադաշնակցութիւններու բուռն ընդդիմութեան արժանացած եւ որդեգրուելու պարագային յաւելեալ բողոքի ցոյցեր յառաջացնելու հաւանականութիւնը ունեցող ՝՝պիւտճէն՝՝ քուէարկութեան դրուի։



Իրաքի նախկին ղեկավար Սատտամ Հիւսէյնի ՝՝Պաաս՝՝ կուսակցութիւնը վերականգնել փորձելու յանցանքով ձերբակալուած են 35 պաշտօնատարներ։

Նիւ Եորք Թայմզ օրաթերթէն կը տեղեկանանք , որ վարչապետ Նուրի Մալիքիի անմիջական վերահսկողութեան տակ գտնուող հակաահաբեկչական մասնայատուկ ուժ մը ձերբակալած է 35 պաշտօնատարներ, որոնցմէ շատեր ամբաստանուած են կառավարութեան դէմ յեղաշրջում մը ծրագրելու յանցանքով։



Լեռնային Ղարաբաղ Այցելող Զբօսաշրջիկներու Թիւը Կ՝աւելնայ։

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելած են զբօսաշրջիկներ աշխարհի տասնեակ մը երկիրներէն։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարարութեան հիւպատոսական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն, զբօսաշրջիկներուն մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն՝ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Քանատայի, Ռուսիոյ, Իրանի եւ Մեծն Բրիտանիոյ քաղաքացիները։ 2007 թուականի համեմատութեամբ, զբօսաշրջիկներու թիւը աճած է 15 առ հարիւրով։

Միւս կողմէ այս տարի առաջին անգամ Լեռնային Ղարաբաղ այցելած են զբօսաշրջիկներ՝ Փաքիստանէն, Սինկափուրէն եւ Սոմալիայէն։ Բացի սփիւռքահայերէն, Լեռնային Ղարաբաղ կայցելեն բազմաթիւ ազգերու ներկայացուցիչներ, մասնաւորապէս երիտասարդներ։ Առաւել յաճախակի այցելուող վայրերն են պատմական-ճարտարապետական յուշարձանները եւ եկեղեցական համալիրները՝ Ամարաս, Դադիվանք, Գանձասար եւ այլն։








All the contents on this site are copyrighted ©.