2008-12-21 13:06:40

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին կիրակնօրայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Կիրակի, Դեկտեմբեր 21, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կէսօրին Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեցՍիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, այսօր կը հրաւիրեմ ձեզ մտաբերելու Մարիամը` տիպարը անսող սրտին ։ Մեզի ցոյց կու տայ Աստուծոյ խօսքին պտղաբերութիւնը ապրուած հաւատքի համակերպութեամբ։ Յիսուսի Ծննդեան պատրաստութեան ընթացքին, Անոր օրինակին հետեւելով ու խորհրդածելով Աստուծոյ խօսքին վրայ հետամուտ ըլլանք կատարել Աստուծոյ կամքը, որպէսզի խորապէս ու վստահութեամբ ապրինք Տիրոջ սքանչելագործութիւնները մեր կեանքին մէջ։ Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի կիրակի եւ Ծնունդի ապրում խաղաղութեան եւ ուրախութեան մէջ։

Այժմ լսելի կ՛ընենք Հրեշտակ Տլեառն մարեմեան աղօթքը։

Հայրական խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը իր առաքելական օրհնութիւնը տուաւ ներկաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.