2008-12-21 13:20:02

Ծիսական ժամանակացոյց


 կիրակի դեկտեմբեր 21, Զ կիրակի յիսնակաց

ընթերցում Ղուկասի Աւետարանէն գլուխ 18, 9-14 համարները։

Փարիսեցիի եւ մաքսաւորի առակը - Ոմանց համար ալ, որոնք իրենք իրենցմով կը պարծենային, թէ արդար են եւ կ՛արհամարհէին ուրիշներ՝ հետեւեալ առակը պատմեց անոնց։ Երկու հոգի տաճար ելան աղօթելու։ Մէկը՝ փարիսեցի, միւսը՝ մաքսաւոր։ Փարիսեցին մէկ կողմ կեցած, ինքնիրեն այս աղօթքը կ՛ընէր Աստուած իմ, շնորհակալ եմ քեզի, որ ուրիշ մարդոց պէս յափշտակող, անիրաւ, շնացող մէկը չեմ, կամ ինչպէս այս մաքսաւորը։ Ծոմապահութիւն կ՛ընեմ շաբաթը երկու անգամ եւ տասանորդ կու տամ իմ բոլոր ստացուածքներէս։ Իսկ մաքսաւորը մէկ կողմ քաշուած, աչքերն անգամ չէր ուզեր երկինք բարձրացնել, կուրծքը միայն կը բախէր եւ կ՛ըսէր Աստուած, ողորմութիւն ցոյց տուր ինծի, մեղաւորիս հանդէպ։ Ըսեմ ձեզի, որ ասիկա աւելի արդարացած վերադարձաւ իր տունը, քան միւսը, որովհետեւ ով որ ինքզինք կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհեցուի եւ ով որ ինքզինք կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրացուի։

աւետարանի մեկնութիւն։

Առակին հիմնական իմաստը ոչ միայն աղօթքի յարատեւութիւնն է, այլ նաեւ ապահովութիւնը թէ յարատեւ աղօթքը լսելի պիտի ըլլայ։ Մեծագոյն փորձութիւնը հաւատացեալին` Քրիստոսւի գալուստէն առաջ` պիտի ըլլայ հաւատքի ուրացումը։ Աստուած կու տայ փրկութիւնը, բայց ոչ ոք կրնայ զայն իրականացնել առանց երկարաշունչ եւ բուռն պայքարի։

Աւագ Օրհնութեան ԱԿ Շարականէն։

Դիտեցէք ժողովուրդ, մեր Աստուծոյ սքանչելիքները, ունկնդրեցէք հաւատացեալներ Քրիստոսի եւ մտաբերեցէք ճշմարտութեան արդարութիւնը։ Որովհետեւ ան է հաւատացեալներու յոյսը։ Բանն Աստուած, Անեղ եւ անբաժանելի էութիւն, կամաւորապէս յանձն առաւ խաչի մահը թաղուեցաւ նոր գերեզմանի մէջ։ Իր Յարութեամբը կենդանութիւն պարգեւեց մեզի։ Ուրախ եղիր, Մարիամ, Ս. Աստուածածին, անճառելի լոյսին մայր, դուն Աստուծոյ Բանին լուսեղէն տաճարը, քու մէջդ կրեցիր աստուածութեան դուրը, բարեխօսէ միշտ անոր մօտ մեր անձերուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.