2008-12-20 08:30:15

Վատիկանի Պետական Քարտուղարի բարեմաղթութիւնները Ս. Ծննդեան Տօնին առթիւ ՜՜Մանուկ Յիսուս՝՝ կոչուած մանկաբուժարանի հիւանդներուն։


Ծնունդի եւ Ամանորի զոյգ տօներուն առթիւ կարտինալ Պերթոնէ` Վատիկանի Պետական Քարտուղարը, այցելութիւն կատարեց Հռոմի՜՜Մանուկ Յիսուս՝՝ կոչուած մանկաբուժարանի հիւանդներուն, ուր ընտանեկան մթնոլորտին մէջ, կարտինալ Պերթոնէ յանուն Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին հիւանդ երեխաներուն եւ մանկաբուժարանի բոլոր անձնակազմին, Ս. Ծննդեան բարեմաղթութիւնները յայտնեց, յիշեցնելով. ՜՜Յիսուսի Ծննդեան տօնին՝ ամէնքս մանուկ կը դառնանք եւ կը հրճուինք։ Յիսուսի Ծնունդը մեզի, քրիստոնեաներուս համար, Աւետարան է, խաղաղութեան ու փրկութեան բարի լուր է, հրեշտակներէն մեզի հաղորդուած։ Այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ, կը գրէ Ղուկաս աւետարանիչը, ծնաւ Փրկիչը` մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը։ Մսուր ծնած մանուկը մեր Փրկիչն է։ Ան կու գայ մեզ ազատագրելու մեղքի, թմրեցուցիչի, խաւարի ու մահուան ստրկութենէն։ Եթէ բաց սրտով ընկալենք այս պատգամը, մենք եւս հովիւներու նման, պիտի հրճուինք լսելով՝ Հրեշտակներու երգը որ արձագանգեց Բեթղեհէմի քարայրին մէջ. ՜՜Փառք Աստուծոյ երկինքի բարձունքներուն մէջ, եւ երկրի վրայ խաղաղութիւն մարդոց` իր սիրելիներուն՝՝։ Ապա կարտինալը ըսաւ. ՜՜Խաղաղութիւն բոլոր անոնց որ Տիրոջմէն սիրուած են։ Մենք Տիրոջ սիրելիներն ենք։ Այս է ճշմարիտ ու բարի լուրը, այս է Ծնունդը։ Այս է իմ մաղթանքս Յիսուսի Ս. Ծննդեան ու Ամանորին առթիւ, թող Աստուծոյ սէրը մեր մէջ հաստատէ խաղաղութիւն ու մեր կարգին դառնանք խաղաղարարներ։ Այս մաղթանքը կը յանձնառարեմ Ս. Կոյս Մարիամի մայրական բարեխօսութեան մինչ ձեր ամէնուն վրայ կը հայցեմ Աստուծոյ օրհնութիւնը՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.