2008-12-20 08:47:54

Ծիսական ժամանակացոյց


 Շաբաթ դեկտեմբեր 20 Ե Յիսնակաց։ Տօնն է կեսարացի երկու մեծ սուրբ Հայրերու.

Առաջինն է Սուրբ Բարսեղ, Կեսարիոյ հայրապետը, որ ծնաւ եւ ապրեցաւ սուրբերու ընտանիքի մը մէջ. Ան Եկեղեցւոյ մեծագոյն հայրապետներէն մին եղաւ եւ կարգաւորեց առաջին Պատարագը, որմէ օգտուեցան շատեր, ի մէջ այլոց նաեւ Հայերը. Շարադրեց նաեւ արեւելեան կրօնաւորներու առաջին կանոնները. Մահացաւ 379-ին։ Երկրորդն է Ս. Բարսեղի եղբայրը` Ս. Գրիգոր Նիւսացի. Նախապէս ամուսնացած էր, սակայն կնոջ հետ համաձայնաբար իրարմէ բաժնուեցան ու վանական կեանք վարեցին երկուքն ալ. 372-ին ընտրուեցաւ եպիսկոպոս Նիւսիա քաղաքին. Գրած է բազմաթիւ ճառեր ու մեկնութիւններ. Վախճանած է մօտաւորապէս 400 թուին։

Մարտիրոսաց շարականէն։

Սուրբ մարտիրոսները համբերութեամբ ճգնեցին եւ չարին պատերազմը ժոժկալութեամբ վանեցին։ Անոնք իրենց արիւնը թափեցին, Տէր, փոխան քու արիւնիդ եւ ժոժկալութեամբ յաղթանակեցին հրապուրւողին բռնութեան վրայ , անոնց բարեխօսութեամբ Քրիստոս խնայէ մեզի։








All the contents on this site are copyrighted ©.