2008-12-20 13:47:26

Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։





Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ղազախիստան Մեկնած ։

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարսեան երէկ Ղազախստան մեկնած է՝ մասնակցելու համար ԱՊՀ-ի շարք մը պետութիւններու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական վեհաժողովին։Վեհաժողովը պիտի շարունակուի նաեւ այսօր(20 Դեկտեմբեր)։Նախատեսուած էր, որ Ղազախստանի մէջ հանդիպին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները։ Սակայն ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ հանդիպման հրաւիրուած է նաեւ Հաւաքական անվտանութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ չեղող Թուրքմենիստանի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուխամետով։Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան կանդամակցին ԱՊՀ-ի 7 երկիրներ՝ Ռուսիա, Պիելոռուսիա, Հայաստան, Ղազախստան, Խըրխըզիստան, Ուզպեքիստան եւ Տաճիկիստան։ Կազմակերպութիւնը ներկայիս կը նախագահէ Հայաստանը։

Իսկ Էդուարդ Նալբանդեան Մեկնած Ստեփանակերտ։

Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները Փանարմինիըն.նեթ լրատու գործակալութեան հաղորդած են, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Ստեփանակերտ մեկնած է։ Նալբանդեան հանդիպումներ պիտի ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան վարչութեան ներկայացուցիչներուն հետ։

Պաղեստին։

Համաս Շարժումը երէկ յայտարարեց, որ Կազայի մէջ Իսրայէլի հետ եգիպտական միջնորդութեամբ գոյացած զինադուլը վերջ տած է։ Կազմակերպութիւնը իր կայքէջին վրայ կը նշէ, որ զինադուլը վերջ գտած է եւ պիտի չվերանորոգուի, որովհետեւ սիոնական թշնամին իր պարտաւորութիւնները չէ յարգած՝ աւելցնելով, որ Իսրայէլ կը կրէ հետեւանքներուն ամբողջակ պատասխանատուութիւնը։

Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթի բանբեր Մարք Ռեկեւ յայտնեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը կիրակի օրուան իր նիստին ընթացքին պիտի քննարկէ կացութիւնը։



Միւս կողմէ Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ յայտարարեց, որ Իսրայէլի եւ Սուրիոյ միջեւ խաղաղութեան համաձայնութեան մը շուրջ բանակցիլ կարելի է։ Ան ըսաւ, թէ ՝՝թրքական միջնորդութեամբ Իսրայէլ-Սուրիա անուղղակի բանակցութիւնները կրնան ուղղակի բանակցութիւններու առաջնորդել՝՝։Թել Աւիւ համալսարանի Ազգային ապահովութեան ուսումնասիրութեանց հիմնարկին մէջ տրուած դասախօսութեան մը ընթացքին Օլմէրթ նշեց, որ Սուրիոյ հետ խաղաղութեան համաձայնութեան մը կնքումը իրագործելի է։ Ան նաեւ կոչ ուղղեց՝ պաղեստինցիներուն հետ խաղաղութիւն հաստատելու համար ջանք թափելու, եւ զուշացուց, թէ Իրանն է, որ շրջանին կը սպառնայ եւ ոչ թէ Իսրայէլ։ Օլմերթ երկուշաբթի օր Թուրքիա պիտի այցելէ։

Յունաստան։

Աթէնքի մէջ խռովարար երիտասարդներ երէկ հրավառ ռումբերով յարձակում գործեցին ֆրանսական հիմնարկի մը վրայ։Ֆրանսական հիմնարկին կարգ մը ապակիները փշրուեցան, սակայն շէնքին մէջ լուրջ վնասներ չեն արձանագրուած։

Ոստիկանութեան կողմէ պատանիի մը սպանութենէն ետք ծայր առած ցոյցերու 13-րդ օրուան ընթացքին յոյն ցուցարարներ հինշաբթի օր(18 Դեկտեմբերին) յունական խորհրդարանին առջեւ ոստիկանութեան վրայ հրավառ ռումբեր եւ քարեր արձակեցին։

Զիմպապուէ։

Զիմպապուէյի նախագահ Ռոպերթ Մուկապէ երէկ իշխող ԶԱՆՈՒ-ՓիԷֆ կուսակցութեան յայտնեց, որ ՝՝Զիմպապուէյը իմս է՝՝ աւելցնելով, որ երբեք պիտի չյանձնուի եւ երբեք պիտի չվախնայ իրեն ուղղուած ՝՝հրաժարելու՝՝ կոչերէն։Մուկապէ իր կուսակցութեան տարեկան ընդհանուր ժողովին ընթացքին ըսաւ, թէ ՝՝երբեք, երբեք, երբեք, երբեք պիտի չյանձնուիմ։ Զիմպապուէյը իմս է։ Ես Զիմպապուէյցի եմ՝՝։



Ռուանտայի Ցեղասպանութիւնը Ծրագրած Թէօնէսթէ Պակօսօրա Ցկեանս Բանտարկութեան Դատապարտուեցաւ։

ՄԱԿ-ի դատարանը ցկեանս բանտարկութեան դատապարտեց ռուանտացի զօրավար մը, որ ամբաստանուած է 1994-ին Ռուանտայի Ցեղասպանութիւնը ծրագրելուն համար։ Միջազային Քրէական Դատարանը 67-ամեայ Թէօնեսթէ Պակօսորան ամբաստանեց հարիւր օրուան ընթացքին 800,000 թուցցիներ ու չափաւորական հութուներ ջարդած ուժերուն ու Իներահամուէ Հութու զինեալներու հրամանատարը ըլլալուն համար։

Դատարանը յայտարարեց, որ զօրավար Պակօսօրա յանցապարտ է՝ ցեղասպանութեամբ, մարդկութեան դէմ ոճիրներով եւ պատերազմական ոճիրներով։Դատախազները յայտնեցին, թէ Պակօսօրա, որ օրին պաշտպանութեան նախարարն էր, կեդրոնական ափրիկեան երկրին մէջ զինուորական եւ քաղաքական հարցերու վերահսկողութիւնը ստանձնեց, երբ նախագահ Ժուվենալ Հապիարիմանան փոխադրող օդանաւը վար առնուեցաւ։Դատավճիռին մէջ նշուեցաւ, որ սպանութիւններէն առաջ Պակօսօրա, Թանզանիոյ մէջ խաղաղութեան բանակցութիւնները լքած էր՝ յայտնելով, որ Ռուանտա կը վերադառնայ վերջին դատաստանը պատրաստելու։Ցեղասպանութենէն ետք Պակօսօրա փախուստ տուած էր Քամերուն։ Ան ձերբակալուեցաւ 1996-ին։ Անոր դատավարութիւնը սկսաւ 2002-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.