2008-12-19 12:57:18

Լուրեր հայ աշխարհէն

Ձմեռնային Փառատօն ՜՜ Հայաստան 2008՝՝՝ Դեկտեմբեր 21էն Յունուար 5


Երեւան- Հայաստանի բնակչութեան մօտ նախատօնական բարձր տրամադրութիւն ստեղծելու եւ ձմեռնային զբօսաշրջութիւնը խթանելու նպատակով, 2008-ի Դեկտեմբեր 21էն մինչեւ 2009ի Յունուար 5, Deem Communications ընկերութիւնը պիտի կազմակերպէ Ձմեռնային փառատօն ։ Հայաստան-2008 հանդիսութիւնը, որ պիտի սկսի ձմեռնային շքերթով՝ Դեկտեմբեր 21ին, Աբովեան-Սայեաթ Նովա խաչմէրուկէն, եւ պիտի ուղղուի դէպի Սիրահարներու այգի (նախապէս՝ Պուշքին), ուր տեղի պիտի ունենայ երաժշտական փառատօն։ Շքերթի վերջին կայանը պիտի ըլլայ ձմեռ պապիի շարժաբեմը։ Շքերթին պիտի մասնակցին արուեստի սիրուած ու յայտնի գործիչներ, պարախումբեր, ծաղրածուներ եւ մարզիկներ։ Պիտի կատարուին տօնածառերու միջազգային ցուցահանդէս, ձմեռնային խաղեր, Արծաթէ եւ Ոսկէ երեկոներ եւ շարք մը այլ միջոցառումներ։ Ձմեռնային փառատօն Հայաստան-2008ը կիրագործուի Հայաստանի տնտեսութեան եւ Մշակոյթի նախարարութիւններուն հովանաւորութեամբ, նաեւ CAPS/USAID-ի ու Պօղոսեան հիմնադրամի աջակցութեամբ։ Յիշենք, որ նման փառատօն մը առաջին անգամ կազմակերպուած էր 2007ին։



Յունաստան- Հ.ի դեսպան Վահրամ Կաժոյեան պարգեւատրուած Ա. Շուայցեր շքանշանով:

Աթէնքի մէջ , 5 Դեկտեմբեր 2008-ին տեղի ունեցաւ Ալպերթ Շուայցեր աւստրիական կազմակերպութեան տարեկան հանդիսութիւնը, կազմակերպութեամբ յունական մասնաճիւղին։ 2008 թուականի տարեկան հանդիսութիւնը նուիրուած էր Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին, համաշխարհային պատմութեան ու մշակոյթին մէջ իր ունեցած ներդրման համար։ Այս առթիւ Յունաստանի մօտ Հ Հ դեսպան Վահրամ Կաժոյեան պարգեւատրուեցաւ աւստրիական շքանշանով ՜՜ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան խթանման ու բարեգործական գործունէութեան ի սպաս անոր տարած աշխատանքին համար ։ Երեկոյթին՝ դեսպան Կաժոյեան բանախօսեց ՜՜ Հայաստանի դարաւոր պատմութիւնը՝՝ նիւթին մասին։ Ան ներկայացուց Հայաստանի պատմութիւնը՝ Հայկ նահապետէն մինչեւ այսօր։ Անդրադարձաւ նաեւ հայ-բիւզանդական ու հայ-յունական մշակոյթի ու գիտութեան զարգացման Հայաստանի մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան ձեռքբերման եւ բազմաթիւ այլ հարցերու վերաբերեալ։ Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց Ալպերթ Շուայցեր կազմակերպութեան 20 տարի առաջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն յետոյ անոր Հայաստանին ցուցաբերած օժանդակութեան գծով։



Իրան- Մամուլի միջազգային փառատօնին.նաեւ՝ Հայաստանի տաղաւար։

Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած Մամուլի միջազգային փառատօնին մասնակցած են նաեւ հայ լրագրողներ, որոնք առանձին տաղաւարով ներկայացուցած են հայկական Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Ազգ օրաթերթերը։ փառատօնի մասնակից, Հայաստանի Հանրապետութիւն օրաթերթի լրագրող Էմմա Բեգիջանեան նշած է որ՝ ներկայացուած էին 23 երկրներէ 400 տաղաւարներ, որոնց մէջ մեծ թիւ կը կազմէր յատկապէս մասնագիտական մամուլը։ Այցելուներու մեծ մասը կը հետաքրքրուէր զբօսաշրջութեան, նոյնիսկ արհեստներու մասին ամսագրերով ու թերթերով։

Միացեալ Նահանգներն ու Ինտոնեզիան ներկայացնող մեծ ու հարուստ տաղաւարներէն յետոյ փառատօնի մասնակիցներու ուշադրութիւնը գրաւած է հայկական տաղաւարը հարցուփորձ ըրած են Հայաստանի տեսարժան վայրերէն՝ սկսած մինչեւ տառերու ստեղծումն ու կրօնական հարցերը։ Եղած են համագործակցութեան առաջարկներ իրանական կողմէ, բնապահպանութեան բնագաւառի մէջ տեղեկատուական փոխանակման մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.