2008-12-19 13:19:29

Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։

Յունաստանի Մէջ Մթնոլորտը Կը Սրի։

Յունաստանի աշակերտական շրջանակները բողոքի նոր շարժումներ կը ծրագրեն կազմակերպել այսօր(19 Դեկտեմբեր), Աթէնքի, Փրոփիլէայի եւ Փերիսթերիի մէջ։ Իրենց պիտի միանան աշխատաւորական սենտիքաները, որ հելլէն խորհրդարանին առջեւ ցոյց կը կազմակերպեն կէսօրուայ ժամերուն։ Երէկ Փերիսթերիի մէջ միջնակարգ վարժարանի խումբ մը աշակերտներու դէմ անծանօթի մը կողմէ կրակ բացուած է, վիրաւորելով 16ամեայ աշակերտ մը։Մթնոլորտը դարձեալ սրած է, մանաւանդ երէկ Աթէնքի կեդրոնին մէջ Սենտիքաներու Բողոքի արշաւի աւարտին տեղի ունեցած խռովարարութիւններու լոյսին տակ։ Երիտասարդներու խմբակներու կողմէ դարձեալ քարկոծումներ տեղի ունեցան, որոնց անմիջապէս պատասխանեց ոստիկանութիւնը, արցունքաբեր կազեր արձակելով։ Դէպքերը կեդրոնացան իրաւաբանական համալսարանի շրջակայքին։ Ութ հոգի ձերբակալուած է։



Հայաստանի Կառավարութիւնը Դրամատնային Յատուկ Հաշիւ Կը Բանայ ՝՝Հայկական Սփիւռք՝՝ Անունով։

Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, կառավարութիւնը իր հերթական նիստը գումարեց երէկ Երեւանէն դուրս՝ Օշական գիւղին մէջ։ Սոյն նիստի ընթացքին Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմին թոյլատրուած է ելեւմուտքի նախարարութեան տեղական գանձապետական բաժիններուն մէջ բանալ Հայկական Սփիւռք անունով արտապիւտճէական դրամատնային հաշիւ մը։ Սահմանուած է, որ յիշեալ հաշիւին մուտքերը բարերարներու կողմէ նուիրատուութիւններ են, իսկ ելքերը պիտի կատարուին ելեւմուտքի նախարարի հետ համաձայնուած նախահաշիւով՝ սփիւռքի նախարարին հրամանով հայկական Սփիւռքին հետ կապուած ծրագիրներու ֆինանսաւորման նպատակով։



Պաղեստինեան Կացութիւն։

Ըստ տեղական մամուլին պաղեստինցի դիմադրողներ 15 ռումբեր արձակեցին իսրայէլեան շրջաններուն ուղղութեամբ՝ առանց զոհեր ու վիրաւորներ պատճառելու։ Բայց եւ այնպէս, այս յարձակումները եկան կասկածի տակ առնելու խաղաղութեան իրողականութիւնը։ Համաս Շարժումի պատասխանատուներ յայտարարած են, որ խաղաղութիւնը իսկական խաղաղութիւն չեղաւ, արդարեւ, իրենք պիտի պատասխանեն իրենց ժողովուրդին դէմ եղած որեւէ ոտնգձութեան։ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս այս օրերուն Միացեալ Նահանգներ պիտի մեկնի, որպէսզի Պուշի հեռացումին յաջորդող հանգրուանին համար երաշխիքներ առնէ այն մասին, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն օժանդակել Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին ու բանակցութիւններուն։





Արթուր Աբրահամը՝ Գերմանիոյ Լաւագոյն Մարզիկ

BoxSport ամսագիրի ընթերցողներու եւ յատուկ դատակազմի մը կողմէ Արթուր Աբրահամ դարձեալ կը յայտարարուի իբրեւ 2008ի Գերմանիոյ լաւագոյն բռնցքամարտիկ։ Այս առիթով, տակաւին ոչ մէկ պարտութիւն կրած Արթուր Աբրահամ յայտնած է ՝՝Ինձ շատ է ուրախացնում, որ բռնցքամարտի գերմանացի սիրահարները, նորից ընտրել են ինձ, հաստատելով, թէ յաջողութիւնը խմբային լաւ աշխատանքի արդիւնք է։ Առանց իմ մարզիչի փորձի եւ ինձ աջակցած միւս աշխատակիցների, յաջողութեան հասնել կարելի չէր՝՝, նշած է IBF-ի հայազգի ախոյեանը, որ այս տարի ունեցած է միջազգային երեք յաղթական մրցումներ՝ Գերմանիոյ մէջ՝ ամերիկացի Էլվին Այալայի դէմ, Ամերիկայի մէջ՝ քոլոմպիացի Էտիսըն Միրանտայի դէմ, եւ ապա Գերմանիոյ մէջ՝ մեքսիքացի Ռաուլ Մարքէսի դէմ։Հայ բռնցքամարտիկի յաղթանակներուն շնորհիւ, Գերմանացի 66ամեայ իր մարզիչը՝ Ուլի Վէկնըրը, բազմիցս ճանչցուած է իբրեւ տարուան լաւագոյն մարզիչ։








All the contents on this site are copyrighted ©.