2008-12-18 13:48:42

Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Եւրոպայի եպիսկոպոսներու խորհուրդի գահերէցին հանդիպումը միջազգային մամուլին հետ։


Հինգշաբթի 18 Դեկտեմբերի՝կէսօրին Ռատիովատիկանի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի եպիսկոպոսներու խորհուրդի գահերէց` կարտինալ Péter Erdő-ին հանդիպումը միջազգային մամուլին հետ։ Հանդիպումին ընթացքին մամուլին ներկայացուեցաւ 2009ի Եւրոպայի եպիսկոպոսներու խորհուրդի գործունէութիւնը եւ 2008-ին կատարուած աշխատանքները , ինչպէս. կաթողիկէ-օրթոտոքս առաջին ֆորումը, Եւրոպայի ու Ափրիկէի եպիսկոպոսներու համագործակցութիւնը, կաթողիկէ-իսլամ երկխօսութիւնը։

Նիւ Եորքի Սան Բադրիք մայր եկեղեցւոյ մէջ, հինգշաբթի դեկտեմբեր 18 ին, երեկոյեան ժամը 2-ին տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութեան ու թաղման կարգը ամերիկացի Յիսուսեան Միաբանութենէն՝ կարտինալ Avery Dulles-ի։ Հոգեհանգստեան արարողութիւնը նախագահեց Նիւ Եորքի թեմի առաջնորդ կարտինալ Edward Egan, ներկայութեամբ առաքելական դեսպան` գերապայծառ Pietro Sambi-ի։ Ողբացեալ Կարտինալ Avery Dulles եղած է մեծ աստուածաբան մը. ան հեղինակ է 23 հատորներու եւ աւելի քան 800 յօդուածներու։

Պրիւքսէլ-Թեզէի քրիստոնեայ եղբայրակցութեան 31-րդ հանդիպումը,մասնակցութեամբ՝ աւելի քան 40.000 եւրոպացի երիտասարդներու։ Ժընեւէն ետք, Պրիւքսէլ այս տարի կը հիւրընկալէ Թեզէի 31-րդ հանդիպումը, 29 Դեկտեմբեր 2008- էն մինչեւ 2 Յունուար 2009 ։ Հանդիպումին՝ կը նախատեսուի մասնակցութիւնը 40,000 երիտասարդներու, մեծամասնութեամբ եւրոպացի, անոնցմէ 9.000ը լեհ, 2.000ը գերմանացի, 1.500ը իտալացի, 300ը ռուս, 200ը ֆրանսացի են կան նաեւ աւելի քան 12.000 պելկիացի։

Վատիկանի եւ իսրայէլի խառն յանձնախումբի ժողով.

երկկողմանի համաձայնութիւն կնքելու փորձ։

Դեկտեմբեր 17 եւ 18-ին, Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենայ Վատիկանի եւ իսրայէլի խառն յանձնախումբի ժողովը ՜՜երկկողմանի համաձայնութիւն կնքելու փորձ իրաւա-ֆինանսական հարցին շուրջ՝՝։ Անցեալ 6 նոյեմբերի հանդիպումէն ետք. Վատիկանի եւ Իսրայէլի խառն յանձնախումբի աշխատանքները ներկայիս Երուսաղէմ տեղի կ՛ունենան, եւ ունին որպէս հեռանկար ՜՜Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետին այցելութիւնը Ս. Երկիր՝՝։ Կլոր սեղանի աշխատանքներու նիւթն է. ՜՜Եկեղեցական կալուածները, տուգանքի առանձնաշնորհումը ու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իրաւական վիճակը՝՝։ Նշենք թէ 10 տարի է որ այս խառն յանձնախումբը ժողով կը գումարէ, սակայն առանց դրական քայլեր արձանագրելու։







 








All the contents on this site are copyrighted ©.