2008-12-18 13:21:46

Լուրեր հայ գաղութներէն

ՎԵՐՋԻՆ ԺՊԻՏԸ թատերախաղը Թեհրանի մէջ


Թեհրանի Հայ ուսանողական Չհարմահալ միութեան Յովհաննէս Թումանեան սրահին մէջ , հովանաւորութեամբ Թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք Սարգիսեանի, միութեան երիտասարդական գրական խումբը, ղեկավարութեամբ Միշա Հայրապետեանի, ներկայացուց Վերջին ժպիտը խորագիրը կրող գրական/գեղարուեստական թատրերգութիւնը՝ նուիրուած հայ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի յիշատակին։ Ձեռնարկի աւարտին միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Եսայի Աբրահամեան իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց խումբի ղեկավարին եւ անդամներուն, ապա բեմ հրաւիրեց երաժշտագէտ-արուեստաբան Լիտա Պէրպէրեանը, որ անդրադարձաւ Չարենցի գրական ժառանգութեան եւ խումբի ղեկավար Միշա Հայրապետեանի մշակութային բնագաւառին մէջ ունեցած վաստակին։



Յունաստան-Ս ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 105-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Թեսաղոնիկէի մէջ վերջերս նշուեցան Ս Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 105 ու Եկեղեցասիրաց Տիկնանց միութեան 45-ամեակները։ Զաքարեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը , որուն ընթացքին այլ անձնաւորութիւններու շարքին խօսք առաւ թեմի առաջնորդ Խորէն եպս Տողրամաճեան։ Ան շեշտեց, թէ Թեսաղոնիկէի գաղութը կազմակերպ եւ զօրաւոր գաղութ է։ Երեկոյթի աւարտին Տիկնանց միութեան շրջանաւարտ կազմին փոխանցուեցան յատուկ յուշանուէրներ։ Յաջորդ օրը՝ մատուցուեցաւ Կիրակնօրեայ , պատարագ։ Թեմի առաջնորդը ժողովուրդին ուղղած իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ականաւոր դէմքերուն, որոնք իրենց պարտականութենէն աւելին ըրած ըլլալով՝ արժանացած են սուրբի, հերոսի եւ նահատակի կոչումին, եւ հաստատեց, թէ անոնք են, որ կերաշխաւորեն ազգի մը գոյատեւումը եւ զարգացումը։ Սրբազանը քաջալերեց յատկապէս հայ երիտասարդութիւնը՝ քալելու մեր սրբազան հերոսներուն օրինակով։



Հայկական սփիւռքին նուիրուած ֆիլմաշարի նկարահանումը կը սկսի ֆրանսայէն։

Ի սփիւռս աշխարհի (Աշխարհը եւ մենք) պայմանական անունը կրող խաղարկային վաւերագրական ֆիլմաշարի նախագիծի հեղինակ, արտադրիչ, Մեն Փիքչըրզի տնօրէն Մանուէլ Սարիբէկեան եւ ստեղծագործական խումբը նպատակ ունին ստեղծել ինքնատիպ տեսահանրագիտարան մը՝ աշխարհի վրայ սփռուած հայկական սփիւռքի պատմութեան եւ անոր ներկային մասին։ Իբրեւ առաջին դրուագ՝ պիտի նկարահանուի Ֆրանսայի մէջ Փրկութեան եւ արարման եզր շարժանկարը, որուն բեմագրութեան հեղինակն է գրականագէտ Ալեքսանդր Թոփչեան, որ յայտնած է, թէ նկարահանումը պէտք չէ նպատակ ունենայ միայն Հայաստանն ու սփիւռքահայութիւնը, այլ իւրաքանչիւր գաղութ մաս պէտք է կազմէ իր բնակավայրի երկրին հասարակութեան։ Ցարդ, Սփիւռքի համապարփակ ուսումնասիրութիւն չէ կատարուած եւ ֆիլմաշարը առիթ պիտի հանդիսանայ, որ աշխարհասփիւռ հայ համայնքները ճանչնան զիրար։

Սոյն ֆիլմաշարին համար Սարիբէկեան ուսումնասիրած է Փարիզի եւ Մարսիլիոյ հայկական կազմակերպութիւններու արխիւները, ուր պահուած են եզակի փաստաթուղթեր, լուսանկարներ եւ նիւթեր։



Միացեալ Նահանգներ-Ուիլիըմ Սարոյեանի նուիրուած նոր գիրք մը։

Կազմակերպութեամբ Ապրիլ գրախանութին, վերջերս գրախանութին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը՝ Ուիլիըմ Սարոյեանի մասին նոր հրատարակուած Փլէյսըզ ին թայմ գիրքի երկու հեղինակներ Փաթ Հանթըրի եւ Ճանիս Սթիվընզի հետ։ Երեկոյին բացումը կատարեց Տի Արմինիըն Օպզըրվըր շաբաթաթերթի խմբագիր, գրականագէտ, դասախօս Օշին Քեշիշեան, որ անդրադարձաւ նաեւ Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ իր ունեցած բազում յուշերուն։ Այնուհետեւ խօսք առին գիրքի հեղինակներ՝ Փաթ Հանթըր եւ Ճանիս Սթիվընզ, որոնք բացատրեցին գիրքի հրատարակութեան առիթ ստեղծող դրդապատճառները։



Գանատա- ԾԱՌԵՐԸ՝ տեսաերիզը արժանացած լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէն մրցանակին։

Հայկական ծառատնկումի ծրագրի ծիրին մէջ նկարահանուած Կեանք պարգեւող ծառեր հայկական տեսաերիզը Լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէն մրցանակին արժանացաւ Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցած վաւերագրական ժապաւէններու փառատօնին։ Տեսաերիզը նկարահանուած է բեմադրիչ Քենետի Ուիթլիի կողմէ։ 20 վայրկեան տեւողութեամբ տեսաերիզին կողքին, փառատօնին ներկայացուեցան 30 այլ ժապաւէններ, որոնց կարգին Ռոպերթ Քեշիշեանի Այրուող Հռոմը եւ Նուրիձա Մաթոսեանի Հրանդ Տինք երկու ազգերու սիրտը ժապաւէնները։ Կեանք պարգեւող ծառեր ժապաւէնը իսկական սիրոյ եւ նուիրումի աշխատանք է։








All the contents on this site are copyrighted ©.