2008-12-18 13:39:48

 Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետին գործունէութիւնը

Նորին Սրբութիւնը կ՛ընդունի 11 նոր դեսպաններու հաւատարմագրերը։


Հինգշաբթի 18 Դեկտեմբեր 2008-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետը ընդունեց Մալավիի, Շուէտի, ՍիեռաԼէոնէի, Իսլանտայի, Լիւսսեմպուրկի, Մատակասքարի, Պելիցէի, Թիւնիզի, Խազախիստանի, Պահրէնի եւ ֆիժի կղզեխումբի երկիրներու նոր դեսպանները, որոնք Սրբազան Քահանայապետին ներկայացուցին իրենց հաւատարմագրերը։

Յայտնենք թէ Ս. Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած այս 11 դիւանագէտները, ոչ բնակող կը կոչուին, որովհետեւ անոնք իրենց դիւանագիտական աշխատանքը կը տանին Հռոմէն դուրս։ Մինչ վաղը` Ուրբաթ 19 Դեկտեմբերին, Նորին Սրբութիւնը պիտի ընդունի Սէյշելի նոր դեսպանը, որովհետեւ անոր բնակութիւնը այլեւս Հռոմ է։

Իսլամ կաթողիկէ հանդիպումը. Չորեքշաբթի 17 Դեկտեմբերին եզրափակուեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի քաջալերական խօսքով.

կրօնապետերու պարտականութիւնն է (ըսաւ Սրբզ. Պապը) նոր սերունդը պահպանել կրօնամոլութենէն։



Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահայանապետը չորեքշաբթի օրը, Դեկտեմբեր 17-ին, ողջունեց World islamic call society պատուիրակութիւնը, որու աթոռը կը գտնուի Լիպիա։ Պատուիրակութիւնը Հռոմ եկած է մասնակցելու կաթողիկէ իսլամ խորհրդաժողովի մը, 15-17 դեկտեմբեր 2008։ Իր ուղղած խօսքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց կրօնապետերու պատասխանատուութիւնը հանդէպ նոր սերունդին, որոնք կարիքը ունին յատուկ դաստիարակութեան մը, որպէսզի անոնք թիրախ չըլլան կրօնամոլութեան ու ցեղապաշտութեան, այլ ընդհակառակն (ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ) պէտք է զանոնք ուղղել դառնալու հաշտարարներ ու խաղաղարարներ։ Յայտնենք թէ իսլամ- կաթողիկէ երկու պատուիրակութիւններու խօսակցութեան նիւթը եղաւ. կրօնական պատասխանատուութիւնը, մշակութային եւ ընկերային պատասխանատուութիւնը ու ընդհարումի ժամանակ միջկրօնական երկխօսութեան հրամայականը։ Ամէն մէկ պատուիրակութիւնը կազմուած էր 11 հոգիէ։ World islamic call society-ն որուն աթոռը (ինչպէս ըսինք) Թրիփոլի կը գտնուի կը ներփակէ 250 ընկերակցութիւններ ու անոր աշխատանքը կը կայանայ մարդասիրական, կրօնական, մշակութային եւ ընկերային մարզերու մէջ։ Կաթողիկէ եւ իսլամ այս յանձնախումբը երկու տարին անգամ ժողով կը գումարէ։ Յառաջիկայ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 2010ին՝ Թրիփոլի, Լիպիա ։








All the contents on this site are copyrighted ©.