2008-12-17 12:36:26

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 17 Դեկտեմբեր 2008, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Պօղոս Զ.ի անուան սրահը։ Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Պօղոս առաքեալի կեանքի եւ ուսուցումին վրայ, այսօր Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Յիսուսի Ս. Ծննդեան տօնին վրայ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, Այսօր սկիզբ կ՛առնէ Յիսուսի Ս. Ծննդեան պատրաստութեան իննօրեան եւ մեր սրտերը կը տրամադրուին ընդունելու ՜՜Էմմանուէլը՝՝։ Մտաբերելով մսուրին աղքատութիւնը, զգայուն կը դառնանք բոլոր այն ընտանիքներուն հանդէպ, որոնք թիրախ դարձան տնտեսական տագնապին, ու անոր հետեւանքով՝ դժուարութեան մէջ կը գտնուին։ Սակայն, դժուարութիւնները կրնան ըլլալ բարեբեր եւ առիթ՝ վերապրելու պարզութեան, բարեկամութեան ու զօրակցութեան ջերմութիւնը, որոնք իւրայատուկ են Ծննդեան։ Այս տօնը իրարու կը մօտեցնէ բոլոր մարդիկը առանց նկատի առնելու անոնց դաւանանքները։ Միաժամանակ` Յիսուսի Ծնունդը սքանչացում կ՛արծարծէ, որովհետեւ Միածին Որդին եկաւ ու մաս կը կազմէ մարդկութեան պատմութեան։ Ղուկաս աւետարանիչը մանրամասնութեամբ կը նկարագրէ դէպքը, մինչ Յովհաննէս աւետարանիչը հետեւեալ բանաձեւը կը գործածէ. եւ Բանը մարմին առաւ։ Ս. Յովհաննէսին այս արտայայտութիւնը կարելի է հետեւեալ ձեւով մեկնաբանել. Աշխարհի յաւիտենական իմաստը շօշափելի կերպով յայտնուեցաւ մեր զգայարանքներուն ու մեր բանականութեան մէջ։ Այն ինչ որ մարմին դարձաւ, գաղափար մը չէ, այլ Բան է, որ մեզի ուղղուած է, մեզ կը փնտռէ ու մեզ կ՛առաջնորդէ։ Բեթղեհէմի՝ ՜՜Մսուրի՝՝ մէջ ապրող Մանուկը՝ Աստուած, ինքզինք չի պարտադրեր մարդուն, ոչ իր զօրութեամբ եւ ոչ ալ իր իմաստութեամբ, այլ կոչ կ՛ընէ մարդու սրտին, կոչ կ՛ընէ անոր ազատ ու խոնարհ որոշումին, ընդունելու՝ իր սէրը։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները, մաղթելով՝ որ Ս. Կոյս Մարիամը` Նոր Ուխտի տապանակը եւ Ս. Յովսէփ աստուածահայրը` պահակը փրկչագործութեան խորհուրդին, օգնեն մեզի լաւագոյնս ընդունելու Մարդացեալն Աստուած։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն խնդրելով անոնցմէ որ Քրիստոսը ըլլայ իրենց կեանքին կեդրոնը, իրմէ ստանալու՝ ՜՜Լոյս եւ քաջութիւն՝՝։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Հայրը ներկաները հրաւիրեց միասնաբար արտասանելու Տէրունական աղօթքը` Հայր Մերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.