2008-12-17 11:57:18

Լուրեր հայ աշխարհէն

Ըստ Եւրոպական Ատեանին՝ Թուրքիա պէտք է Հայութեան Կալուածները Վերադարձնէ


ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ- Երեքշաբթի, 16 Դեկտեմբերին, Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը վճռած է, որ Թուրքիա բռնաբարած է Պոլսոյ Սամաթիա շրջանին մէջ գտնուող Ս Գէորգ եկեղեցւոյ, անոր դպրոցին ու գերեզմանատան, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ Ետիքիւլ շրջանին մէջ գտնուող հայկական հիւանդանոցի կալուածային իրաւունքը (հաղորդած է Հիւրրիէթ թերթը) ։ Ատեանը Թուրքիայէն պահանջած է վերադարձնել կալուածագիրերը եւ Ս Գէորգ եկեղեցւոյ 600,000 եուրօ, իսկ հայկական հիւանդանոցին 275,000 եուրօ վնասուց հատուցում վճարել։ Սոյն կալուածներու հոգաբարձական մարմինները դիմած էին եւրոպական ատեանին, երբ թրքական ատեանները մերժած էին իրենց դիմումները։ Հայկական երկու հիմնարկները հաստատուած են 1832ին։

Ատեանը շեշտած է, թէ Թուրքիա խախտած է Լօզանի համաձայնագրին մէջ ամրագրուած երկրին կրօնական փոքրամասնութիւններու հասարակական ծառայութիւններ ապահովելու մասին յօդուածը։

Թուրքիա իրաւունք ունի հարցին վերաքննութիւնը պահանջելու, սակայն Անգարա ցարդ այս մասին յայտարարութիւն չէ կատարած։



ԼՂՀի Ազատագրուած Տարածքներուն Վրայ՝ Շուրջ 1500 Հայկական Յուշարձան

Պատերազմական տարիներուն Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան պատմամշակութային ժառանգութեան հետազօտական կեդրոնի արշաւախումբերուն կողմէ չափագրուած եւ լուսանկարուած են բոլոր յուշարձանները եւ կազմուած են անոնց վկայագրերը, երբեմն ալ կատարուած են պեղումներ եւ բարեկարգուած՝ անոնց տարածքները (յայտնած է կեդրոնի տնօրէն Յակոբ Սիմոնեան) ։ Ըստ անոր, Ղարաբաղի ազատագրուած տարածքներուն վրայ հաշուառուած են շուրջ 1500 հնագիտական, ճարտարապետական եւ պատմական կոթողներու նմոյշներ։

Սիմոնեան նշած է, որ առաջին արշաւախումբը ուսումնասիրութիւններ կատարած է 1990ին՝ սկսելով Գետաշէնէն եւ Մարտունաշէնէն, որոնցմէ ետք՝ 1992ին, ուսումնասիրութիւններ կատարուած են Քաշաթաղի, Աղտամի, Ֆիզուլիի, Ճէպրայիլի, Զանգելանի, Քարվաճառի ու Կուբաթլիի մէջ։ ՜՜Պատերազմի տարիներին մենք վտանգեցինք մեր կեանքը, որպէսզի ապացուցենք, որ այդ տարածքները հայկական են։ Յայտնաբերուած յուշարձանները, հայերէն արձանագրութիւններով կերտուածքները անհերքելի վկայութիւններ են, որ այդտեղ հայեր են ապրել՝՝, նշեց Սիմոնեան՝ աւելցնելով, թէ այդ աշխատանքներուն շնորհիւ, հայութիւնը ունի այնպիսի տեղեկատուական զէնք, որ դիւանագիտական ճանապարհով օգտագործելու պարագային, կարելի է հաստատել այդ տարածքներու հայկական ըլլալը։ Սիմոնեան պատմահնագիտական արժէք ներկայացնող յուշարձաններէն առանձնացուցած է Աղդամի, Ֆիզուլիի հատուածներու Խաչէնագետի արքայական դամբարանաբլուրը, Կերինի դամբարանադաշտը (Վանի (Ուրարտու-Խմբ) թագաւորութեան ժամանակաշրջանին պատկանող), որոնց սկսած էին 2003ին եւ կը շարունակուին մինչեւ այսօր։ Տուեալները կը փաստեն, որ ժամանակակից Ատրպէյճանի տարածքին վրայ կան 3500 հայկական յուշարձաններ, որոնց մեծ մասը ոչնչացած է, քանդուած են նաեւ Նախիջեւանի հայկական վանքերը։





Սուրիահայ Բարերար Չեմպերճեան Ամոլը պարգեւատրուած՝ Գարեգին Բ.ի կողմէ...

ԷՋՄԻԱԾԻՆ, 15 Դեկտեմբեր 2008-ին, Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ,

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ շքանշանով պարգեւատրած է սուրիահայ բարերարներ տէր եւ տիկին Գաբրիէլ Չեմպերճեանները՝ առ ի գնահատանք ազգային կեանքէն ներս անոնց մատուցած ծառայութիւններուն։

Շքանշանի յանձնման արարողութեան ելոյթ ունեցած են Մայր աթոռի դիւանապետ Արշակ եպս Խաչատրեան, ինչպէս նաեւ՝ Շահէն Գարամանուկեան ու Լեւոն Սարգսեան, անդրադառնալով՝ Չեմպերճեաններու ազգօգուտ եւ եկեղեցաշէն գործունէութեան, անոնց առաքինի եւ բարերար ոգիին, հայ-սուրիական կապերու հաստատման ուղղութեամբ անոնց ունեցած մեծ ներդրումին եւ ազգային կրթական ու գիտական հաստատութիւններու նկատմամբ հոգատար վերաբերմունքին։

































 








All the contents on this site are copyrighted ©.