2008-12-16 08:51:24

Ծիսական ժամանակացոյցը


Երեքշաբթի` դեկտեմբեր 16, Ե Յիսնակաց։

Տօնն է. Թէոպոմպաս եպիսկոպոսի,Թէովնաս վկայի եւ Բասոս, Եւսեբ ու Բասիլիդգէս զինւորներու։

Թէոպոմպաս եպիսկոպոս,Թէովնաս վկայ եւ Բասոս, Եւսեբ ու Բասիլիդգէս զինւորները Նիկոմիդիայի շրջանէն` կը տօնենք Թէոպոմպաս եպիսկոպոսը, որ քաջաբար դէմ դրաւ կայսեր հրամանին, որ էր պաշտել կուռքերը։ Կանչեցին Թէովնաս կախարդը, որպէսզի զինք հմայէ եւ համոզէ որ ուրանայ քրիստոնէութիւնը, սակայն իր բարութեամբ` Թէոպոմպաս զինք դարձի բերաւ եւ երկուքը միասին նահատակուեցան։ Նոյնպէս դարձի եկան եւ նահատակուեցան եպիսկոպոսին չորս բանտապահներն ալ, որոնք էին Բասոս, Եւսեբիոս, Եւտիքէս եւ Բասիլիդէս։ Անոնց նահատակութիւնը տեղի ունեցաւ 290 թուին։

Մարտիրոսաց ԴՁ Շարականէն։

Յիշատակ է այսօր Քրիստոսի քաջ նահատակներու, սուրբ վկաներու։ Եկէք հաւատացեալներ ցնծութեամբ տօնենք զիրենք։ Անոնք յարատեւողներ եղան տանջանքներու եւ յաղթողներ պատերազմի մէջ։ Անոնք եղան երկրի վրայ լուսաւորողներ, երկինքի մէջ պամծացողներ։ Ձեր արդիւնաւոր աղօթքներու մէջ յիշեցէք մեզ։








All the contents on this site are copyrighted ©.