2008-12-16 13:42:27

Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։





Զոյգ Մը Կօշիկ Իտալական ու Միջազգային Թերթերու Առաջին Էջերու վրայ։

Իր պաշտօնավարութեան աւարտէն մօտաւորապէս ամիս մը առաջ դէպի Իրաք ու Աֆղանիստան կատարած իր այցելութեամբ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ կը փորձէր յաղթանակի պտոյտ մը իրականացնել, սակայն Պաղտատի մէջ, Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, իրաքցի լրագրողի մը յանդուգն մէկ արարքը մթագնեց Պուշի պտոյտը։ Արդարեւ, այս մէկը Մունթատար Զէյտի անունով լրագրող մը յաջորդաբար իր երկու կօշիկները նետեց Պուշի ուղղութեամբ, որ արագօրէն ծռելով կրցաւ խուսափիլ անոնցմէ։Իրաքցիներու համար, կօշիկով յարձակումի մը թիրախ դառնալը վարկաբեկման ցուցանիշ մըն է(կը գրեն իտալական թերթերը)։ Ուստի կարգ մը իրաքցիներ, 2003ին իրենց կօշիկներով ծեծած էին Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի արձանը։ Ապա 15 Դեկտեմբերին հազարաւոր իրաքցիներ մասնակցեցան բողոքի ցոյցի մը՝ պահանջելով բանտարկուած լրագրողին ազատ արձակումը։

Հայ Եղբայրներէն Ներողութիւն Կը Խնդրեմ Արշաւը սկսած։

Թրքական ՝՝Սապահ թերթը՝՝ կը գրէ թէ, Երկուշաբթի Դեկտեմբեր 15ին Հայ եղբայրներէս ներողութիւն կը խնդրեմ արշաւը բացուած է համացանցին վրայ, եւ ամբողջ տարի մը պիտի շարունակուի։ Համացանցի հասցէն հետեւեալն է՝ www.ozurdiliyoruz.com.Կը հաղորդուի, թէ համացանցի հետ կապ չունեցողներ եւս առիթ պիտի ունենան իրենց ստորագրութիւնը դնելու պատրաստուած պատճէնին տակ։ Արշաւը կը շարունակէ մամուլի մէջ տեղ տալ զանազան հակազդեցութիւններու, դրական կամ ժխտական։ Սակայն, նոյնիսկ քանի մը անձեր, որոնք կողմնակից են այս արշաւին ու պատրաստ են իրենց ստորագրութիւնը տալու, վերապահութիւններ ունին ու կը պնդեն, թէ սխալ է ներողութիւն խնդրելը, այլ աւելի ճիշդ կըլլայ ընդունիլ հայոց ցաւը, կամ ձեւով մը փորձել բաժնեկցիլ հայոց ցաւը, աւելցնելով, որ պետութի՛ւնը պէտք է ՝՝ներողութիւն՝՝ խնդրէ։ Այս ուղղութեամբ, Դեկտեմբեր 12ին, ՄիլլիյէթԹերթին մէջ, Մէրալ Թամէր ստորագրած էր յօդուած մը, որուն խորագիրը արդէն պերճախօս էր. Հայերէ ներողութի՞ւն խնդրել, թէ՞ սխալը ընդունիլ, կամ ցաւը բաժնեկցիլ։ Իսկ Յայտնի քրոնիկագիր Մուրատ Պէլկէն(բարեկամը Հրանդ Տինքի) Թարաֆ թերթին մէջ մօտաւորապէս նոյն մտահոգութիւնները կը յայտնէր եւ կը յիշեցնէր, թէ շատեր հարց տուած են. Ինչո՞ւ ես։ Ինք հայերու ներկայութեան քանիցս ըսած է, որ ան այս սպանդէն ինքզինք անհատապէս պատասխանատու չի նկատեր։ Ատոր փոխարէն, ան երբե՛ք համակրանք չէ զգացած այդ սպանդը իրագործած մարդոց նկատմամբ, ատելութիւն իսկ զգացած է անոնց նկատմամբ։Ըսենք նաեւ որ ոմանք ծանուցումներ տալով՝ նեցուկ պիտի կանգնին այս արշաւին։ 15 Դեկտեմբերին ՝՝Թարաֆ Թերթի՝՝ մէջ հրատարակուած է Էօմէր Ֆարուքի ստորագրութեամբ մեծածաւալ ծանուցում մը, որուն մէջ կըսուի. ՝՝Խիղճս չընդունիր անտարբեր մնալ այն Մեծ Եղեռնին նկատմամբ, որուն 1915ին ենթարկուեցան օսմանեան հայերը, եւ ուրանալ այդ պատահարը։ Ես կը մերժեմ այս անիրաւութիւնը, բաժնեկից կըլլամ իմ հայ եղբայրներուս զգացումներուն ու ցաւերուն, եւ անոնցմէ ներողութիւն կը խնդրեմ՝՝։ Միւս կողմէ ընդգծենք թէ խումբ մը թուրք նախկին դեսպաններ կը քննադատեն հայերէն ներողութիւն խնդրելու համացանցային թրքական արշաւը,վտանգաւոր եւ թրքական ազգային շահերուն դէմ նկատելով կատարուածը։

224 Պաղեստինցիներ Ազատ Կ՝արձակուին։

Դեկտեմբեր 15ին, Իսրայէլի իշխանութիւնները մուտքի արտօնութիւն չեն տուած եւ երկրէն արտաքսած են ՄԱԿի մարդկային իրաւանց հարցերու մէկ պատուիրակը Ռիչըրտ Ֆոլքը, որովհետեւ ան խստօրէն դատապարտած էր պաղեստինցիներու դէմ իսրայէլեան բռնարարքները եւ նոյնիսկ նացիական Գերմանիոյ նմանցուցած էր Իսրայէլի իշխանութիւնները։Նոյն օրը, Իսրայէլ ազատ արձակեց 224 պաղեստինցի բանտարկեալներ, մինչ 8000է աւելի ուրիշներ կը մնան իսրայէլեան բանտերու մէջ։

Անդրանիկ Յակոբեան Բռնցքամարտի Աշխարհի Բաժակակիր

Դեկտեմբեր 14ին, Մոսկուայի մէջ աւարտեցաւ բռնցքամարտի աշխարհի բաժակի մրցումը։ Հայաստանի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Յակոբեան (75 քիլոկրամ, Էջմիածին) եզրափակիչ խաղին ընթացքին, յաղթեց աշխարհի 2րդ դիրքի ախոյեան վենեզուէլլացի Պլանքօ Ալֆոնսոյին եւ դարձաւ բաժակակիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.