2008-12-16 08:37:32

2008 – Քրիստոնէականի ուսուցման տարին Յաւիտենական Կեանքը


 

207-Ի՞նչ է յաւիտենական կեանքը։

Յաւիտենական կեանքը մահէն անմիջապէս ետք սկիզբ առնող կեանքն է, որ վերջ պիտի չունենայ։ Յաւիտենական կեանքէն առաջ՝ պիտի կատարուի մէն մի մարդու առանձ-նական դատաստանը, զայն պիտի կատարէ ողջերու եւ մեռեալներու դատաւոր Քրիստոսը։ Այս դատավճիռը պիտի հաստատուի Վերջին դատաստանին օրը։



208-Ի՞նչ է առանձնական դատաստանը։

Ան անմիջական հատուցման դատաստանն է, որ իւրաքանչիւր մարդ հազիւ թէ մեռնի՝ իր անմահ հոգիին մէջ պիտի կրէ իր հաւատքին եւ իր գործերուն համեմատ։ Այս հատուցումը տեղի պիտի ունենայ երբ մարդս կա՛մ երկնային երանութեան պիտի հասնի անմիջապէս կամ քաւչա-կան համապատասխան մաքրումէ մը ետք, կա՛մ երբ ընդհակառակն՝ դժոխքի յաւիտենական դատապարտութեան պիտի արժանանայ։



209-Ի՞նչ կը հասկնանք երկինք բառով։

Երկինք բառով կը հասկնանք գերագոյն եւ վերջնական երանութեան վիճակը։ Անոնք որ Աստուծոյ շնորհքին մէջ կը մեռնին եւ անդրագոյն քաւչական մաքրութեան մը կարիքը չունին, իսկոյն կը միանան Յիսուսի եւ Մարիամի, հրեշտակներուն եւ սուրբերուն։ Անոնք այսպէս երկինքի Եկեղեցին կը կազմեն, ուր Աստուած դէմ առ դէմ կը տեսնեն (1 Կոր 13, 12)։ Անոնք Սուրբ Երրորդութեան հետ սիրոյ միութեան մէջ կ՛ապրին եւ մեզի համար կը բարեխօսեն։



210-Ի՞նչ է քաւարանը։

Քաւարանը վիճակն է անոնց, որ աստուածային բարեկամութեան մէջ կը մեռնին, որոնք իրենց յաւիտենական փրկութեան մասին ապահով են, սակայն երկինք մտնելու համար տակաւին քաւչական մաքրումին կարիքն ունին։



211-Ինչպէ՞ս կրնանք նպաստել քաւարանի հոգիներուն մաքրազտումին։

Երկրիս վրայ տակաւին ուխտագնաց հաւատացեալները կրնան, սուրբերու հաղորդութեան զօրութեամբ՝ օժանդակել քաւարանի հոգիներուն՝ անոնց համար աղօթելով, աղերսանք եւ յատկապէս Գոհութեան զոհը մատուցանելով, ինչպէս նաեւ ողորմութիւն տալով, ներողութիւններ շահելով եւ ապաշխարանք կատարելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.