2008-12-15 14:43:01

Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնի նշում։


Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետի անուանակոչութեան տօնին առիթով՝ շաբաթ, 13 դեկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 2։30-ին, Էշրեֆիէի Ս Յակոբ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, իսկ երեկոյեան՝ ժամերգութիւն, որուն յաջորդեց մատաղի պատրաստութիւն՝ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։

Կիրակի, 14 դեկտեմբերին, Ս Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցեց եւ տօնին առիթով իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան։ Ան հարց տուաւ, թէ ուրկէ՞ կու գայ հաւատքը եւ ինչպէ՞ս կաւելնայ՝ շեշտելով, որ հաւատքը կը սկսի տունէն, ընտանիքէն։ Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը հաւատքի աղբիւրն է եւ հայ քրիստոնեայի կեանքին մաս կը կազմէ, շեշտեց առաջնորդ սրբազանը եւ աւելցուց, որ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը եւս կը սկսի տունէն, ուր ծնողներ իրենց զաւակներուն պէտք է փոխանցեն հոգեւոր գիտելիքներու հիմնական սկզբունքները։

Մենք մեր տուներուն մէջ պիտի վերականգնենք եւ վերապրինք քրիստոնէական հաւատքը իր պարզութեամբ, մեր գործը պիտի շարունակէ դպրոցը, ապա անձը իր կեանքի փորձառութեամբ պիտի հարստացնէ զայն, հաստատեց Գեղամ եպս Խաչերեան՝ աւելցնելով, որ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը սերունդէ-սերունդ փոխանցուող պարգեւ մըն է։

Անդրադառնալով Ս Յակոբի կամ այլ սուրբերու տօնակատարութիւններու՝ առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց, որ մեր տուներուն մէջ ապրինք այդ տօնակատարութիւնները եւ տօները վերածենք քրիստոնէական դաստիարակութեան առաջին եւ ամէնէն կարեւոր դպրոցին, այլ խօսքով՝ վերահաստատենք այդ դպրոցը։








All the contents on this site are copyrighted ©.