2008-12-15 14:44:58

Զօր Հրանդ Պէյ Մալոյեանի ոգեկոչումը Դամասկոս, Սուրիա


Նախաձեռնութեամբ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ համայնքի Բարեսիրական միութեան, վերջերս տեղի ունեցաւ յիշատակութեան ու մեծարանքի օր՝` համայնքի կարկառուն զաւակներէն ու Սուրիոյ ազնիւ ու սիրուած զինուորականներէն Հրանդ պէյ Մալոյեանի, անոր մահուան 30 ամեակին առիթով։ Հրանդ պէյ՝ եղած էր Սուրիոյ ոստիկանական ուժերու գլխաւոր հրամանատարը, ինչպէս նաեւ ծառայած Օսմանեան, ֆրանսական ու Սուրիական բանակներուն մէջ, ապահովելով մեծ վարկ որպէս անբասիր, քաջ հրամանատար։ Ներկայութեամբ բազմաթիւ հաւատացեալներու ու դամասկահայ ազգայիններէն Հրանդ պէյի ծանօթներու, Գերապատիւ Հայր Մովսէս վրդ Տօնանեան մատոյց Ս Պատարագ, ապա հանդիսապետութեամբ համայնքի Առաջնորդ Յովսէփ եպս Առնաութեանի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն հանգուցեալ զօրավարի յիշատակին։ Գերապայծառ տիրոջ կատարած հանգստեան պաշտօնէն ետք Սարգիս Պուրունսուզեանը, վարչական Բարեսիրական Միութեան, հրաւիրեց միութեան ատենապետ՝ ԺոզէՖ Ղազարեանը, որ ներկայացուց լուսահոգի հրամանատարին կենսագրական գիծերը։ Սփիւռքահայութեան պարծանքը եղող այս պատուարժան հայորդին ծնած էր Մուշ 1887-ին ու պատանի տարիքին ուղղամտութեան եւ հայրենասիրութեան հիմը դրոշմուած էր իր մէջ, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան վանքի ընծայարանին մէջ յիշատակեց ան։ Ապա Պրն Ղազարեանը ներկայացուց զօրավարի կեանքի ու ծառայութեան կարեւոր հանգրուանները, սկսելով թէ ինչպէս ան որպէս Պոլսոյ զինուորական վարժարանէն շրջանաւարտ սպայ ծառայած էր Պաղեստինի թրքական 53-րդ զօրաբժնին մէջ տեղակալի աստիճանով, ապա 1918-ին գերի իյնալով արաբական գունդերուն ձեռքը յաջողած էր փախչիլ եւ Պէյրութի մէջ մաս կազմել հայկական Լէգէոնին։ Աչքի զարնելով որպէս ուշիմ ու լեզուագէտ երիտասարդ, Ֆրանսական բանակի մէջ Կիլիկիոյ զինուորական կառավարիչին մօտ եղած էր օգնական ժանտարմըրիի։ Ան նաեւ մասնակցած էր Կիլիկիոյ

ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն մանաւանդ Մարաշի ու Ամանոսի մէջ։ Կիլիկիոյ ամօթալի պարպումէն ետք անցած էր Սանճաք ու նշանակուած Ալեքսանտրէթի ժանտարմըրիի հրամանատար, ապա Սանճաքն ալ դաւաճանաբար ֆրանսացիներու կողմէ Թուրքիոյ յանձնումէն ետք, ծառայած էր այլ վայրերու մէջ հասնելով մինչեւ երկրի ոստիկան զօրաց ընդհանուր հրամանատարի աստիճանին։ Պրն Ժոզէֆ նշեց թէ Սուրիոյ անկախութեան պայքարի շրջանին, Հրանդ պէյ եղաւ այն բացառիկ դէմքը որ կրցաւ պահպանել երկրին կարգն ու կանոնը, պահելով հաւասարակշռութիւնը ֆրանսական հոգատար իշխանութեան եւ արաբ ազգայնականներու միջեւ։ Այստեղ ՊրնԺոզէֆ յիշատակեց կարեւոր դէպք մը։ Այդ օրերու Դամասկոսի ֆրանսացի կառավարիչ՝ զօր Օլիվիէ Րոժէ կառաջարկէ Comandant Հրանդին, կազմել գումարտակ մը հայ երիտասարդներէ, լաւ վճարումով, օգտակար ըլլալու Ֆրանսական գրաւման բանակին։ Հրանդ պէյ կտրուկ կը մերժէ գաղափարը, ըսելով՝ Mon gռnռral laissez les armռniens tranquille cette fois։ Այս դիրքաւորումը մեծապէս կը գնահատուի սուրիացի ազգայիններու կողմէ։ Անկախութեան շրջանին, նշեց Պրն Ղազարեանը, Հրանդ պէյին, իր ուղղամտութեան ու բարձր կարողութիւններուն շնորհիւ, կը յանձնուի երկրի ներքին ապահովութեան պատասխանատուութիւնը, ոստիկան զօրաց ընդհանուր հրամանատարի աստիճանով։ Յեղաշրջումներու շրջանին Հրանդ պէյ, հեռատէս մարդ, յարմար կը տեսնէ հրաժարիլ ու մեկնիլ պատիւներով։ Հրանդ պէյի կուրծքը զարդարուած էր բազմաթիւ արժանեաց շքանշաններով ու 1978-ին երբ մահացաւ, յուղարկաւորութիւնը եղաւ ներկայութեամբ պետական, զինուորական ու հոգեւոր անձնաւորութիւններու եւ խուռներամ ժողովուրդի։








All the contents on this site are copyrighted ©.