2008-12-15 13:17:45

Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։

Եւրոպական Խորհուրդը Կ՝Որդեգրէ Արեւելեան Գործընկերութեան Առաջարկը։

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը ջերմօրէն ողջունեց Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Վրաստանի, Մոլտաւիոյ եւ Ուքրանիոյ հետ Արեւելեան Գործընկերութիւն մը հաստատելու Եւրոպական Խորհուրդի որոշումը։Եւրոպական Խորհուրդը 13 դեկտեմբերին որդեգրած է Արեւելեան Գործընկերութեան մը Եւրոպական Յանձնաժողովի առաջարկը։ Այս նոր գործընկերութիւնը հիմնուած է զատորոշական մօտեցումի մը վրայ, որ պիտի յարգէ իւրաքանչիւր երկրի կողմէ իր առանձնակի կառոյցով կտրած ճամբան, եւ գործնականին մէջ քաղաքական հաստատութեանց դռները բանալէն բացի Եւրոպական Միութեան կողմէ հինգ երկիրներուն պիտի տրամադրէ տնտեսական եւ ընկերային բոլոր առաւելութիւնները։ Ըսենք նաեւ որ եւրոպական յանձնաժողովի առաջարկը Եւրոպական Միութեան հետ իւրաքանչիւր երկրի ապագայ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ կանխաւ դատողութիւն չի կատարեր։

Համաս Իսրայէլը Կը Զգուշացնէ Զինադուլի Աւարտէն։

Համաս Շարժումի ղեկավարը յայտնեց, որ իր շարժումը պիտի չվերանորոգէ զինադուլի համաձայնութիւնը, որ վերջ կը գտնէ 19 Դեկտեմբերին։ Սակայն Համասի այլ ղեկավարներու կեցուածքը նուազ վճռական են։Դամասկոսի մէջ հրապարակուած յայտարարութիւն մը կը նշէ որ Համասի ղեկավար Խալետ Մաշաալ ,շարժումին պատկանող պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, թէ անոր պայմանաժամի աւարտէն ետք զինադուլի վերանորոգում պիտի չըլլայ։Նախապէս Կազայի մէջ Համասի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէ Կազայի մէջ երկու հարիւր հազար համակիրներու դիմաց ճառ մը արտասանելով Իսրայէլը ամբաստանած էր զինադուլի պայմանները խախտելուն համար, սակայն Յունիսին գոյացած զինադուլը չվերանորոգելու վերաբերեալ չէր արտայայտուած։Հակազդելով Դամասկոսի մէջ հրապարակուած յայտարարութեան մը, Կազայի մէջ ,Համասի պաշտօնատար մը Ռոյթըրզ միջազգային լրատու գործակալութեան յայտնած, որ ՝՝համաձայնութիւնը 19 դեկտեմբերէն ետք ինքնաբերաբար պիտի չվերանորոգուի, եւ պիտի չվերանորոգուի այնքան ատեն, որ անոր պայմաններուն գծով իսրայէլեան իսկական յանձնառութիւն մը գոյութիւն չունի՝՝։

Բրիտանիոյ Վարչապետը Կորտըն Պրաուն Միջնորդի դեր կը կատարէ Փաքիստանի եւ Հնդկաստանի Միջեւ։

Բրիտանիոյ վարչապետ Կորտըն Պրաուն զինեալներու դէմ պայքարին մէջ Փաքիստանի օժանդակութիւն առաջարկեց եւ ջանաց անցեալ ամիս Մումպայի մէջ կատարուած յարձակումներուն պատճառով Փաքիստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ լարուածութիւնը մեղմացնել։Իսլամապատի մէջ Փաքիստանի նախագահ Ասիֆ Ալի Զարտարիի հետ եւ Նիւ Տելհիի մէջ Հնդկաստանի վարչապետ Մանմոհան Սինկի հետ ունեցած իր հանդիպումներուն ընթացքին Պրաուն երկու երկիրներուն առաջարկեց ապահովութեան ամրապնդման եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին օժանդակել։ Պրաուն յայտնեց, որ Մանմոհան Սինկէն եւ Ալի Զարտարիէն խնդրած է որպէսզի կարելիութիւն տրուի բրիտանական ոստիկանութեան հարցաքննելու Մումպայի մէջ յարձակումներու հարցով ձերբակալուած կասկածելիները։Պրաուն Փաքիստանի մայրաքաղաքին մէջ առաջարկեց զինեալներու դէմ պայքարին, ներառեալ ականներու վնասազերծման եւ օդակայանի ապահովութեան օժանդակել, եւ կրթութեան ճամբով արմատականացման դէմ պայքարելու 85 միլիոն տոլարի ծրագիր մը մշակել։Կորտըն Պրաուն ըսաւ թէ այս քայլերը Աֆղանիստանն ու Փաքիստանը Բրիտանիոյ կապող ահաբեկչական շղթան կտրելու կրնան նպաստել։Փաքիստանի նախկին գաղութատէր Բրիտանիա փաքիստանեան ծագումով մեծաթիւ բնակչութիւն մը ունի եւ բրիտանական ապահովական ուժեր այն մտավախութիւնը ունին, որ անոր իսլամ համայնքները իսլամական զինեալներու զինուորագրման վայր կրնան ըլլալ։



Նախագահ Ռոպերթ Մուկապէ կը յայտնէ, որ Զիմպապուէի մէջ քոլերայի համաճարակը հակակշիռի տակ առնուած է, մինչ ՄԱԿ-ը զոհերուն թիւը 783ի կը բարձրացնէ։

Հարաւային ափրիկեան երկրին մէջ քոլերան շատ արագ տարածուեցաւ, որովհետեւ երկրին մէջ առողջապահական համակարգը փուլ եկած էր եւ մաքուր ջուրը կը պակսէր։ ՄԱԿ յայտնեց, որ քոլերայէ վարակման 16,403 պարագաներ արձանագրուած են։ Մուկապէ անցեալ շաբաթ պետական յուղարկաւորութեան մը ընթացքին պնդեց, որ Միջազային Առողջապահութեան կազմակերպութեան եւ այլ գործակալութեանց օգնութեամբ քոլերան հակակշիռի տակ առնուած է։ Ան ըսաւ, թէ ՝՝այժմ քոլերա չկայ, պատերազմի հարկ չկայ։ Բժիշկներու պէտք ունինք եւ ոչ թէ զինուորներու՝՝, արդարեւ Քենիոյ վարչապետը Ափրիկեան Միութեան կոչ ուղղած էր Զիմպապուէ զինուորական ուժ ուղարկելու գծով արտակարգ նիստ մը գումարելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.