2008-12-13 08:42:53

Ծիսական ժամանակացոյցը


Շաբաթ` դեկտեմբեր 13, Դ Յիսնակաց։

Տօնն է. Յակոբ Մծբինի հայրապետի եւ Մարուգէ ճգնաւորին։



Ս. Յակոբ Մծբինի հայրապետ – Նիկիոյ ժողովին հայրերէն մէկը, որ նշանաւոր եղաւ իր ժամանակին մէջ հոգեշահ քարոզութիւններով, հրաշագործութեամբ եւ ճգնաւորական խստամբեր վարքով։ Ծննդով ասորի էր, որդի Խոսրովուդի Լուսաւորչի հօրաքրոջ։ Անտիոքի Մելէս հայրապետը զինք ձեռնադրեց եպիսկոպոս Մծբինի աթոռին։ Իրեն կը վերագրուին վարդապետական ճառեր եւ բարոյախօսական գրուածքներ։ Հայ եկեղեցւոյ ամէնէն ժողովրդական սուրբերէն մէկն էր. Յակոբը։ իր տօնը շատ կանուխէն պէտք է հսած ըլլայ մեր մէջ։ 338-ին իր կեանքը կնքեց խաղաղ մահով։

Շարական ս. Յակոբ հայրապետի։

Յաղթող եւ սուրբ հայրապետ, դու նման մեծ Մովսէսի,

Ըննդիմամարտ արութեամբ խաչը կրեցիր պարծանքի,

Ըզքեզ ունինք բարեխօս երկինքն` Հօր մօտ`մեզի համար։

Առաքումով Սուրբ Հոգւոյն անապատէն կոչուեցար,

Պատիւն առիր մեծութեան դու նման մեծ Յովհաննու.

Ըզքեզ ունինք բարեխօս երկինքն` Հօր մօտ`մեզի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.