2008-12-12 14:00:12

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ողջոյնի խօսքը Հռոմի համալսարականներուն


Հինգշաբթի յետմիջօրէին Ս. Պետրոս տաճարին մէջ Հռոմի թեմի տեղապահը կարտինալ Agostino Vallini պատարագ մատոյց Հռոմի համալսարականներուն եւ որուն աւարտին Սրբազան Քահայանապետը տաճար մտաւ ողջունելու ուսանողները եւ տալու Յիսուսի Ծննդեան առթիւ իր հայրական պատգամը։

Սիրեցեալ բարեկամներ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, այսօրուան մեր հանդիպումը կը զուգադիպի Պօղոս առաքեալի ծննդեան 2000ամեակի յոբելեանին հետ։ Այս տօնախմբութիւնը մեծապէս կ՛օգնէ Եկեղեցւոյ վերագտնելու իր միսիոնարական կոչումը եւ խորացնելու Պօղոս առաքեալի նամակներու անհատնումն աստուածաբանութիւնը ու հոգեւորութիւնը։ Այս պատճառաւ ուզեցի ձեզի բաշխել Պօղոս առաքեալի հռոմէացիներու ուղղած նամակը։ Այդ նամակը կարելի է նկատել Պօղոս առաքեալի մտածոյութեան առեւելագոյն արտայայտութիւնն է եւ նշան անոր մեծ համարումին Հռոմի Եկեղեցւոյ նկատմամբ։

Ս. Պօղոսի խօսքերով կ՛ուզեմ ձեզ ողջունել. Աստուած բոլոր սիրեցեալներու, որ են Հռոմ, կոչումով սուրբերուն, ձեզի շնորհք եւ խաղաղութիւն Աստուծոյ մեր Հօր եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսւի կողմէ։

Ուրբաթ առաւօտ Պենետիկտես ԺԶ Քահայանապետը նախ Փրկչին Մայրը մատրան մէջ ունկնդրեց, իր անմիջական գործակիցներու հետ միասին, Յիսնակացի խորհրդածութիւնը, որ կատարեց քահայանապետական տան քարոզիչը` ֆրանչիսքեան հայր Գանդալամեսսան։

ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Թայուանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ

հուսկ ընդունեցաւ Հարաւ Աստրիոյ շրջանի պատասխանատուները։ Յայտնենք թէ Հարաւ Աւստրիան այս տարի վատիկանին նուիրեցին 33 մեթրնոց կաղանդի ծառը, որ արդէն բարձրացած է արդէն ս. Պետրոսի հրապարակը։ Սրբազան Հքայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց այս պարգեւին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.