2008-12-12 14:10:20

Լուրեր հայկական կեանքէն։


Հինշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2008 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Ընդունեց Միջազգային Ֆրանսական Միսիոնի՝ Լիսէներու Ընդհանուր Պատասխանատուն

Պէյրութ, Լիբանան - Չորեքշաբթի 10 Դեկտեմբեր 2008-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի դահլիճէն ներս ընդունեց Միջազգային Ֆրանսական Միսիոնի՝ Լիսէներու Ընդհանուր Պատասխանատու Պրն. Վիլէնը, որուն կ՛ըկերակցէին Լիբանանի ԱշրաՖիէի Ֆրանսական Լիսէի տնօրէնը եւ անոր օնականը։ Ծանօթացման այս հանդիպման ներկայ էին նաեւ Ս. Կուսին Աւետման Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ Հայ Կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկ. Ռիթա Պօյաճեան։ Աշխարհականութեան թեքուող Ֆրանսական Միսիոնը սկսած է գործել 1902 թուականին եւ 2002-ին անոնք տօնեցին իրենց 100 ամեակը։



Արամ Ա կաթողիկոս ընդունեց Յունաստանի դեսպանը։

Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Փանոս Քալոճէոփուլոս հինշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2008-ի առաւօտուն այցելեց Անթիլիասի մայրավանք եւ հանդիպում մը ունեցաւ Արամ Ա կաթողիկոսի հետ։

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին լիբանանեան քաղաքականութեան վերջին զարգացումներուն տարբեր երեսները, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի գործուն մասնակցութիւնը երկրի քաղաքական ու ընկերային կեանքին։

Ընդառաջելով դեսպանի փափաքին՝ վեհափառը նաեւ իրեն պարզեց անցեալ շաբաթ Վատիկան տուած իր այցելութեան գլխաւոր երեսները։

Շրջանային ու միջազային կացութեան շրջագծին մէջ, անդրադարձ կատարուեցաւ հայ եւ յոյն եկեղեցիներու յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ վերջին քանի մը օրերուն Աթէնքի ու շրջակայ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցող վայրագութեանց դրդապատճառներուն։



Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան Լուսին Գաբրիէլեանի մանրանկարչականգործերու անհատական ցուցահանդէսի բացումը

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրաոյն վարժարանի հիմնադրութեան 70-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, երէկ՝ հինշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2008-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Հայ կաթողիկէ միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լուսին Գաբրիէլեանի մանրանկարչական գործերու անհատական ցուցահանդէսի բացումը՝ Հաւատքի եւ արուեստի հետքերով նիւթով։

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մեսրոպեան Լրաբերի պատասխանատու խմբագիր Կարինէ Թաշճեան։ Ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Լ. Գաբրիէլեանի ունեցած գործունէութիւնները։ Թաշճեան հաստատեց, թէ այս ցուցահանդէսին ընդմէջէն Մեսրոպեան վարժարանը կ՛ուզէ իր նպաստը բերել Լիբանանի մէջ հայկական իրաւ արուեստի տարածման, ինչպէս նաեւ անոր նուիրեալներուն ծանօթացման գործին՝ աւելցնելով, որ վարժարանի տնօրէնութիւնը կը հաւատայ, թէ արուեստն ու գեղագիտութիւնը միջոցներ են՝ նորահաս սերունդներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան համար։

Մանրանկարչական այս ցուցահանդէսին ընդմէջէն Լ Գաբրիէլեան հանրութեան ներկայացած է 129 գործերով։








All the contents on this site are copyrighted ©.