2008-12-12 14:08:01

Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։



ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ՄԷՋ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ՓՐՎԱՆՈՎ ԶԱՆԱԶԱՆ ՄԱՐԶԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐՆԵՐ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑԻՆ։

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի երկօրեայ այցելութիւնը Պուլկարիա, նախագահ Գէորգի Փրվանովի հրաւէրով, սկսած է նախանցեալ օր։ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին արտաքին գործոց, մշակոյթի, տնտեսութեան, փոխադրութեան եւ կապի նախարարները։

Նախագահ Սերժ Սարսեան նաեւ հանդիպած է Պուլկարիոյ վարչապետ Սերկէյ Սթանիշեւի եւ խորհրդարանի նախագահ Գէորկի Փիրինսքիի հետ։ Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են նաեւ հայ-պուլկարական փոխադարձ գործակցութեան առնչուող խնդիրներ։ Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է որինակի համար ՝՝2009-2010 թուականներուն Հայաստանի մէջ՝ Պուլկարիոյ եւ Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրեր կազմակերպելու՝՝ գծով։



Ամերիկայի Հանրապետական Ծերակուտականները Կընդդիմանան Ինքնաշարժներու Ընկերութեանց Նպաստելու Ծրագրին

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի հանրապետական անդամներու ղեկավար Միչ ՄըքՔանըլ յայտարարեց, թէ հանրապետականները կընդդիմանան Ներկայացուցիչներու տան կողմէ վաւերացուած 14 միլիառ տոլարի օժանդակութեան ծրագրին, որուն նպատակն է ոտքի պահել ամերիկեան ինքնաշարժի հսկայ ընկերութիւններէն երկուքը։Հանրապետական ծերակուտականները նաեւ անտեսեցին ծրագրին նեցուկ կանգնելու նպատակով Սպիտակ Տան կոչը՝ կասկածի տակ առնելով ծրագրին վաւերացումը։Հակառակ այն իրողութեան, որ դեմոկրատները մեծամասնութիւն կը կազմեն Ծերակոյտին մէջ, հանրապետականները միջոցներ ունին որեւէ բանաձեւի վաւերացման դէմ դնելու, որովհետեւ դեմոկրատները ընդդիմութիւնը շրջանցելու համար հարկաւոր 60 քուէները չունին։Միւս կողմէ հաղորդուեցաւ, թէ առաջին անգամ անգործութեան ապահովագրութենէն օժանդակութիւն պահանջողներու թիւը 573,000ի հասած է անցեալ շաբաթ, ինչ որ Նոյեմբեր 1982էն ի վեր մեծագոյն թիւն է։

Անձնասպանական Յարձակում Մը 55 Զոհեր Խլեց Հիւսիսային Իրաքի Մէջ։

Դեկտեմբեր 11ին, իր վրայ զետեղուած ռումբերը պայթեցնելով անձնասպանական գործողութիւն կատարող զինեալը առնուազն 55 զոհեր խլեց հիւսիսային Իրաքի Քէրքուք քաղաքի ճաշարաններէն մէկուն մէջ։Յարձակումը, որուն ընթացքին վիրաւորուեցան աւելի քան 120 ուրիշներ, Իրաքի տարածքին տեղի ունեցած յարձակումներուն մէջ ամենամահացուն էր վերջին վեց ամիսներուն ընթացքին։

Ըսենք որ Քիւրտ զինեալներու հսկողութեան տակ գտնուող հիւսիսային Իրաքը, համեմատաբար, աւելի նուազ թիւով ահաբեկչական յարձակումներու բեմ դարձած է։

Միւս կողմէ, ՝՝ԷյՓի՝՝ լրատու գործակալութեան տուեալներուն համաձայն, մինչեւ Դեկտեմբեր 10 Իրաքի տարածքին սպաննուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը հասած է՝ 4206ի։



Թուրքիոյ Բնակչութեան հարիւրէն 18,6 Տոկոսը Աղքատ կը Նկատուի։

Թուրքիոյ պետական վիճակագրական գրասենեակին տուեալներուն համաձայն, 2007ին աղքատութեան մակարդակը աճ արձանագրած է՝ հասնելով 18,6 առ հարիւրի։Ըստ տեղեկագրին, իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար օրական 2,15 տոլար սահմանուած գումարէն ցած եկամուտ ունեցողներու համեմատութիւնը 0,63 տոկոս է, իսկ օրական 4,3 տոլարէն ցած եկամուտ ունեցողներունը՝ 9,53 տոկոս։Գիւղական բնակավայրերու մէջ ապրողներուն պարագային, աղքատութեան համեմատութիւնը 32,18 տոկոս է, իսկ քաղաքներու մէջ՝ 10,6 տոկոս։



Պարաք Օպամայի Յաղթական Արշաւը՝ Հայ Լուսանկարիչի Մը Սքաութ Թիւֆէնքճեանի Ոսպնեակով։

Դեկտեմբեր 12ին լոյս կը տեսնէ 31 ամեայ ամերիկահայ լուսանկարչուհի Սքաութ Թիւֆէնքճեանի աւելի քան 200 լուսանկարներու ՝՝Yes We Can՝՝ հատորը, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Պարաք Օպամայի պատմական ընտրապայքարին ընթացքին, լուսանկարչուհիին նկարահանած մօտաւորապէս 12,000 լուսանկարներու ծաղկաքաղ մըն է։Յատկանշական է, որ գիրքին հրապարակումէն առաջ իսկ ծախուած են առաջին հրատարակութեան 55,000 օրինակները։Հատորը հրատարակած է Պրուքլինի (Նիւ Եորք) Power House Books հրատարակչատունը։








All the contents on this site are copyrighted ©.