2008-12-11 13:59:20

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի գնահատումով միջկրօնական երկխօսութիւնը Եւրոպայի համար առաջնահերթութիւն մըն է - մշակոյթ եւ կրօնք երկխօսութեան մէջ։


Մշակոյթի եւ միջկրօնական քահանայապետական երկու խորհուրդներու կողմէ կազմակերպուած՝ ՜՜Մշակոյթ եւ կրօնք երկխօսութեան մէջ՝՝ օրուան առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետը նամակ մը յղած է վերոյիշեալ երկու խորհուրդներու նախագահներուն, որով կը հաստատէ թէ միջմշակութային եւ միջկրօնական երկխօսութիւնը առաջնահերթութիւն մըն է Եւրոպայի միութեան համար, պայմանաւ որ այդ երկխօսութիւնը ըլլայ բաց, յարգալիր եւ անկեղծ։ Երկխօսութիւնը պէտք չէ կատարուի փոխզիջումի սկզբունքի վրայ, որպէսզի չտիրէ յարաբերականութիւնը եւ համակրօնութիւնը։

Ապա Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հաւատացեալները քաջալերելու միջմշակութային ու միջկրօնական նախաձեռնութիւնները խթանելու համար համագործակցութիւնը եւ փոխադարձ շահագրգռող նիւթեր, ինչպէս. անհատին արժանաւորութիւնը, հասարակաց բարիքի փնտռտուքը, խաղաղութեան ու բարգաւաճումի կերտումը։

Հուսկ Սրբազան Քահայանապետը յորդորեց եւրոպացի հաւատացեալները որ նախանձախնդիր ըլլան իրենց մշակութային ու հոգեւոր ժառանգութեան, որը կը յատկանշէ զիրենք եւ անբաժան մաս մըն է իրենց պատմութեան։

Հինգշաբթի 11 դեկտեմբեր 2008, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեցաւ.

կարտինալ Cormac Murphy-O'Connor, առաջնորդը Անգլիոյ Ուեսթմինսդեր թեմին

Թայուանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` եկած կատարելու իրենց հնգամեայ այցը Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Իսկ յետմիջօրէին՝ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ Հռոմի թեմի տեղապահը կարտինալ Agostino Vallini պատարագ մատոյց Հռոմի համալսարականներուն եւ որուն աւարտին Սրբազան Քահայանապետը տաճար մտաւ ողջունելու ուսանողները եւ տալու Յիսուսի Ծննդեան առթիւ իր հայրական պատգամը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.