2008-12-11 14:04:43

Կրօնաբարոյական հարցեր Կրօնաբարոյական հարցեր


Ծառայել ինքիրեն եւ ուրիշներուն

Ուրիշներէն առաջ` մարդ պէտք է նախ ծառայէ ինքիրեն. Ամէն անգամ որ մարդ բարիք մը կ՛ընէ, անուղղակիօրէն նախ ինքիր արժանիքը կ՛աւելցնէ, որով կը զգայ նաեւ որոշ մէկ գոհունակութիւն մը բարիք մը ըրած ըլլալուն համար։ Նոյնիսկ եթէ իր նպատակին մէջ` իր կատարած գործը բոլորովին անշահասէր է ինքիր անձին նկատմամբ, սակայն իրականին մէջ, միայն Ատուած կրնայ անշահախնդիր ըլլալ բացարձակօրէն. մարդս ինքիր շահը կ՛ապահովէ պարզապէս իր գոհունակութեամբ։

Բուն էական առաքելութիւնը մարդուն` ծառայել է ուրիշներուն. Աստուած մեր մէջ դրած է իր իսկ յատկութիւնները, ըլլալու բարի, ողորմած ու առատաձեռն։ Ինչպէս ծնողք մը իր զաւկի ափին մէջ դրամ կը դնէ, որպէսզի ան իր կարգին ողորմութիւն ընէ աղքատի մը, նոյնպէս ալ Աստուած մեր մէջ դրած է տաղանդներ, որպէսզի մենք ալ մեր կարգին օգտակար դառնանք մեր շուրջիններուն։

Մարդ բացարձակ տէրը չէ իր ստացած ձիրքերուն, այլ միջնորդը որ զանոնք լաւագոյն կերպով օգտագործելով, պիտի դնէ ի սպաս մարդկութեան։

Մարդկութիւնը առանձին ապրող անհատներու հաւաքածոյ մը չէ, այլ կը կազմէ մեծ ընտանիք մը, ուր ամէն մէկը իր բոլոր ջանքը կը թափէ ուրիշները երջանկացնելու։ Մարդիկ կոչուած են միացած մնալու ոչ միայն իրենց Արարչին հետ, այլ նաեւ իրարու միջեւ։ Սիրոյ պատուիրանը զոր Յիսուս սորվեցուց միաժամանակ մէկ է եւ երկու. Սիրել զԱստուած ամէն բանէ վեր եւ սիրել ընկերը իր անձին պէս։

Որպէսզի մարդիկ չգոցուին իրենք իրենց մէջ, Աստուած ամէնուն նոյն ձիրքերը չէ տուած, այլ բաշխած է զանոնք անհաւասար կերպով, որպէսզի իւրաքանչիւրը պէտք ունենայ ուրիշին, եւ այսպէսով ամէնքը իրար զիրար ամբողջացնեն։

Այս պատճառաւ ալ անհաւասարութիւններ գոյութիւն ունին աշխարհիս վրայ. Կայ նախ ստացուածքի անհաւասարութիւնը, այսինքն կան հարուստներ ու աղքատներ, բայց կայ նաեւ անհաւասարութիւնը առողջական գետնի վրայ, ֆիզիքական ուժի, մտային կարողութեան, արտաքին գեղեցկութեան, եւայլն…։

Այս անհաւասարութիւնները կան եւ պիտի մնան, ինչպէս որ միեւնոյն ընտանիքի մէջ կան զանազան նկարագրի տէր իրարու հարազատ եղբայրներ ու քոյրեր։ ինչու՞ սակայն Աստուած թոյլ կու տայ այս անհաւասարութիւնները. Պարզապէս որովհետեւ կ՛ուզէ որ մարդիկ շարունակեն իրենց պայմաններուն մէջ իր սիրոյ գործը, իրենց ուժերն ու կարողութիւնները ի սպաս դնեն իրարու, իրենց հարստութիւնը չպահեն անձնասիրաբար միայն իրենք իրենց, այլ գիտնան անկէ մաս հանել չունեցողներուն։

Նոյն սէրն ու իրար օգնութիւնը պարտին ունենալ իրարու հանդէպ աշխարհի բոլոր ազգերն ու ժողովուրդները. Բարգաւաճ ազգերը օգնելու են թերաճ ազգերուն կամ աճման ճամբու մէջ եղողներուն, որպէսզի անոնք եւս կարենան հասնիլ այն բարօրութեան զոր իրենք կը վայելեն արդէն։

Ոչ մէկ անձ այս աշխարհի վրայ կրնայ պարծենալ թէ ինք ամէն ինչ ունի եւ բանի մը պէտք չունի. Նոյնպէս ալ` ոչ մէկը կրնայ գանգատիլ ըսելով թէ ինքը ամէն բանէ զուրկ է եւ բան մը չունի տալիք ուրիշին։ Մարդ նոյնիսկ իր հիւանդութիւնն ու տառապանքը կրնայ նուիրել ուրիշներուն եւ անով օգտակար դառնալ շատերուն։

Ուստի անհաւասարութիւնը զոր Աստուած կը դնէ տաղանդներու բաշխումին մէջ` ձեւով մը կը սրբագրուի բնութեան օրէնքով, որ կը հաւասարակշռէ մարդկութիւնը. զօրակցութեան օրէնքով` ամէն մարդ պարտի իր կարողութեան չափով ծառայութիւն մատուցանել ուրիշներուն, իր ձիրքերուն օգտագործումովը։








All the contents on this site are copyrighted ©.