2008-12-11 14:05:08

Ծիսական ժամանակացոյցը


Հինգշաբթի` դեկտեմբեր 11, Դ Յիսնակաց։

Տօնն է. Կուռնելիոս հարիւրապետի, Շմաւոն`ազգական Քրիստոսի, Պողիկարպոս Զմիւռնի հայրապետի եւ արեւելցի վկաներու։



Կուռնելիոս հարիւրապետ – առաջին հեթանոսը որ քրիստոնեայ եղաւ։ Հաստատուած Կեսարիա քաղաքը, իտալացի կոչուած գունդէն հարիւրապետ մըն էր։ հաւանաբար այն բարեպաշտ հեթանոսներէն էր, որոնք տեսնելով հրէական կրօնքի մէջ գտնուած ճշմարտութեան լոյսը կը պաշտէին ճշմարիտ Աստուածը։ Կուռնելիոսին մասին ըսուած էր. բարեպաշտ եւ երկիւղած մարդ մըն էր ամբողջ տունովը, ողորմութիւն կը բաշխէր ամէնուն ու Աստուծոյ աղօթք կ՛ընէր ամէն ատեն։ Ս. Պետրոսի ձեռքով մկրտուած է։ Կուռնելիոսի մասին աւանդութիւնը կ՛ըսէ որ Սկեփսիոն գացած ու քարոզած է։ Այնտեղ, թէեւ չարչարանքներու ենթարկուած, սակայն խաղաղ վախճան մը ունեցած է։

Մարտիրոսաց Շարականէն։

Սուրբերու ճգնութեամբը կը հրճուի եկեղեցին, իր զաւակներով հանդերձ, անոնց յիշատակը կատարելով։ Անոնք, Քրիստոսէ մեզի ընծայուած կեանքի դեղ են։ Ս. Հոգիէն իշխանութիւն ստացած են մեզ առաջնորդելու դէպի վերին Երուսաղէմ` կենդանի եղողներու քաղաքը` մեծ Սիոնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.