2008-12-11 13:54:27

Լուրեր հայ աշխարհէն

Մէկ Մարտի հարցով դատապարտեալներէն երեք հոգիի ներում շնորհուեցաւ Հ Հ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի կողմէ ։


Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեանի 3 դեկտեմբեր 2008-ի հրամանագիրով ներում շնորհուած է երեք դապարտեալներու՝ Էդուարդ Աշուղեանի, Արման Մարգարեանի եւ Արթուր Նազարեանի, որոնք դատապարտուած էին 3 էն 3,5 տարուան բանտարկութեան, անցեալ մէկ Մարտին՝ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած զանգուածային անկարգութիւններուն մասնակցելու, ոստիկանութեան դիմադրութիւն ցոյց տալու եւ այլ բռնի գործողութիւններ իրականացնելու համար։

Ներման հրամանագիր ստորագրելու որոշում տալու ընթացքին նախագահը հաշուի առած է թէ' այս դատապարտեալներուն կողմէ իրեն ուղղուած ներման խնդրագիրները, եւ թէ' անցեալին դատապարտուած չըլլալու, ընտանեկան եւ այլ հանգամանքներ։ Նախագահ Սարգսեանի մամլոյ քարտուղարը՝ Սամուէլ ֆարմանեան ըսած է թէ հայրենի նախագահը միշտ պատրաստ եղած է դիտարկելու ներման խնդրագիրները, աւելցնելով որ՝ այսօր եւս այս մօտեցումներուն մէջ փոփոխութիւններ չկան։



ԼՂՀ անկախութեան, հանրաքուէի եւ սահմանադրութեան օրուան առիթով Նախագահ՝ Բակօ Սահակեանի ուղերձը։

Լեռնային Ղարաբաղի պետական անկախութեան մասին հանրաքուէի եւ սահմանադրութեան օրուան առիթով նախագահ Բակօ Սահակեան 10 Դեկտեմբերին՝ շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներուն, որուն մէջ մասնաւորապէս նշուած է . ՜՜1991 թուականի այս օրը , մեր ժողովուրդը փաստացի կերպով ամրագրեց ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն ստեղծելու իր կամքը։ Եւ ամենեւին ալ պատահական չէ, որ 15 տարի ետք, 2006ի նոյն օրը Արցախի ժողովուրդը անգամ մը եւս ազգովին արտայայտեց իր անկախ պետականութիւնը ալ աւելի ամրապնդելու եւ զարգացնելու վճռակամութիւնը՝ համաժողովրդական հանրաքուէի միջոցով ընդունելով երկրի գլխաւոր օրէնքը՝ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանադրութիւնը։ Անիկա դարձաւ ժողովրդավարական պետութիւն կառուցելու, միջազգային իրաւունքի կանոններուն հաւատարիմ ըլլալու, քաղաքակիրթ աշխարհին հետ համարկուելու մեր պետական քաղաքականութեան անշրջելիութեան վկայութիւնը՝՝ ։



Միացեալ Նահանգներ։

Նիւ Եորքի մէջ Ուիլեըմ Սարոյեանի Մէկ Գործին Բեմականացած Ընթերցում։

Հայազգի Ուիլեըմ Սարոյեանի ծննդեան հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրէն ներս, Նիւ Եորքի Օհայօ թատերասրահին մէջ, տեղի ունեցած է վերջերս, Հայկական թատերական արուեստներու միութեան եւ Կարդալ խմբակին նախաձեռնութեամբ, Սարոյեանի A Lost Childs Fireflies գործին բեմականացած ընթերցումը, մասնակցութեամբ' Նիւ Եորքի բեմերու ծանօթ դերասաններու եւ բեմադրութեամբ Մայքըլ Պարաքիվայի։ Թատերական այս գործը հրատարակուած էր 1954ին եւ բեմականացուած էր միայն մէկ առիթով, Թեքսասի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.