2008-12-10 13:23:55

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յառաջիկայ Մայիսին ուխտագնացութիւն պիտի կատարէ Montecassino Պենետիկտեաններու վանքը։


Հետեւելով Ս. Պենետիկտոսի հետքերուն, Սրբազան Քահայանապետը յառաջիկայ Մայիս ամսոյն մէջ ուտագնացութիւն պիտի կատարէ Montecassino պենետիկտեան աբբայարանը, յայտարարած է վերոյիշեալ վանքին մեծաւորը` հայր Pietro Vittorelli։Իր առաջին ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, 27 ապրիլ 2005, Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն բացայայտած էր թէ ընտրած է Պենետիկտոս անունը։

Ս. Պենետիկտոս եղած է հիմնադիրը արեւմտեան վանականութեան, յատուկ կերպով մեծարուած է Գերմանիոյ մէջ եւ մասնաւորապէս Պավարիայի մէջ։ Ս. Պենետիկտոս մեծապէս սատարած է քրիստոնէութեան ծաւալումին Եւրոպայի մէջ, ու անոր ժողովուրդին միութեան, շնորհիւ քրիստոնէական մշակոյթին ու քաղաքակրթութեան։ Երյանկայիշատակ Պօղոս Զ. Քահանայապետը 1964ին Ս.Պենետիկտոսը Հռչակած էր Եւրոպայի պաշտպան սուրբը։ Ինչպէս ըսինք, ան հիմնադիրն է պենետիկտեան կրօնաւորական միաբանութեան, որուն կանոնագրութիւնը կարելի է համառօտել հետեւեալ երկու բառերով. աղօթէ եւ աշխատէ։

Սրբազան Քահայանապետին, 2009ի այցելութիւններու յայտագիրը կը նախատեսէ երեք ճամբորդութիւններ իտալիայէն ներս։ Montecassino-ի պենետիկտեան աբբայարանը առաջինը կը հանդիսանայ, 24 մայիսին։ Ապա Սրբազան Հայրը պիտի այցելէ San Giovanni Rotondo ուխտավայրը, ուր ապրած է հանրաճանաչ Padre Pio սուրբը, Յունիս 21-ին ։ Եւ հուսկ պիտի այցելէ Viterbo եւ Bagnoregio թեմերը։



Քահանայապետական անուանում – Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետը նշանակեց կարտինալ Llovera-ն որպէս կառավարիչը աստուածային պաշտամունքի քահանայապետական ժողովին։ Կարտինալ Llovera նախապէս եղած է գահերէցը Սպանիոյ եպիսկոպոսական դասին։ Ան կը յաջորդէ կարտինալ Առինձէի



Զուիցերիա – 10 դեկտեմբերը 60-րդ տարեդարձն է մարդու իրաւունքներու։

ՙ ՙAmnesty International՚ ՚ մարդու իրաունքներու պաշտպանը, կոչ կ՛ուղղէ բոլոր կառավարութիւններուն, որ այս տարեդարձին՝ ոչ միայն հանդիսութիւններ կազմակերպէ, այլ դրական քայլեր որդեգրէ պահպանելով՝ թէ' քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքները եւ թէ' տնտեսական ու ընկերային իրաւունքները։ Յայտնենք թէ՝ մարդուն Տիեզերական իրաւունքները, անհատական ու հաւաքական մեծ արժէք կը ներկայացնեն։ Անոնք կը ճանչնան թէ իւրաքանչիւր անձ կը ծնի ազատ եւ հաւասար, թէ' արժանաւորութեամբ եւ թէ' իրաւունքներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.