2008-12-10 14:38:03

Ծիսական ժամանակացոյցը


Չիրեքշաբթի` դեկտեմբեր 10, Դ Յիսնակաց։

Ընթերցում ս. Ղուկասի Աւետարանէն

Յիսուսի հետեւելու պայմանները - (Մինչ) մեծ բազմութեամբ ժողովուրդ կ՛երթար իրեն հետ, դարձաւ եւ ըսաւ անոնց Եթէ ինծի՛ գայ մէկը եւ չուզէ՛ անջատուիլ իր հօրմէ, մօրմէ, կնոջմէ, որդիներէն, եղբայրներէն եւ քոյրերէն եւ նոյն իսկ ի՛ր սեպհական անձէն, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ։ Որովհետեւ ով որ չա՛ռներ իր խաչը եւ (այնպէ՛ս) չի գար իմ ետեւէս, իմ աշակերտս ըլլալ չի՛ կրնար։ Ո՞ր մարդը ձեզմէ, եթէ աշտարակ մը ուզէ շինել, չի նստիր նախ, հաշիւ ընելու համար ծախսը, թէ ունի՞ արդեօք բաւականաչափ՝ աւարտելու համար այդ։ Որովհետեւ կրնայ պատահիլ, որ հիմերը դնելէ ետք, չկարենայ վերջացնել եւ բոլոր տեսնողները ծաղրել սկսին զինք,ու ըսեն, թէ Այս մարդը շինելու սկսաւ, բայց չկրցա՛ւ լրացնել։ Կամ ո՞ր թագաւորը, պատերազմի կ՛ելլէ ուրիշ թագաւորի դէմ, առանց նստելու եւ մտածելու առաջուընէ, թէ տաս հազարով պիտի կարենա՞յ դիմադրել մէկու մը, որ իր վրայ կու այ քսան հազարով։ Հակառակ պարագային, երբ հեռու է տակաւին, պատգամաւորութիւն ղրկելով՝ խաղաղաղութիւն պիտի խնդրէ անկէ։

Արդ, այսպէս, ձեզմէ ոչ ոք կրնայ իմ աշակերտս ըլլալ, որ չի՛ հրաժարիր իր բոլոր ունեցածներէն։

Աւետարանական մեկնութիւն – Ատել, ոչ թէ յատուկ իմաստով, այլ` ամբողջական անջատումի իմաստով։ Մատթէոս կը փոխէ բանաձեւը ` մեղմացնելու զայն. ով որ իր հայրը կամ մայրը ինձմէ աւելի սիրէ, արժանի չէ ինծի։

Ս. Աստուածածնայ Շարականէն։

Աստուածածին` քեզ անապական ծնողին աղաչանքներովը , բաց, Քրիստոս, մեր սիրտերուն բանական աչքերը, լոյսդ դիտելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.