2008-12-10 12:28:48

 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 10 դեկտեմբեր 2008, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Պօղոս Զ անուան սրահը։ Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Պօղոս առաքեալի կեանքին եւ ուսուցումին մասին, այսօր Սրբզ. Հայրը իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց, ՙ ՙՆոր արարածը եւ նոր մարդը Պօղոսի վարդապետութեան մէջ՚ ՚ նիւթին մասին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Պօղոս առաքեալը մեզի կը ներկայացնէ ճոխ վարդապետութիւն մը հետեւեալ նիւթին մասին ՙ ՙՆոր արարած եւ նոր մարդ՚ . անոր կանչուած ենք դառնալու, մասնաւորապէս խորհուրդներու միջոցաւ։ Այսպէս Մկրտութիւնը մասնակցութիւն մըն է Քրիստոսի Մահուան ու Յարութեան։ Անիկա սկիզբն է ու ծիլը նոր կեանքին։ Մեզ կը ներմուծէ Քրիստոսի խորհրդաւոր մարմնին մէջ։ Մկրտութեան ու Ս. Հոգւոյն միջեւ կապին մասին խօսելով, Պօղոս առաքեալը մեզ կ՛առաջնորդէ դրոշմի խորհուրդին։ Նոր մարդը, կնքուածը, Ս. Հոգիով կ՛ապրի։ Կորնթացիներուն հետ խօսելով՝ ՅիսուսիՎերջին Ընթրիքին մասին,Պօղոս առաքեալը կ՛ընդգծէ թէ՝ կնքուածը կանչուած է հաղորդութեան մէջ ապրելու Քրիստոսի հետ, ու Եկեղեցւոյ միջոցաւ Ս. հաղորդութեան խորհուրդին մէջ։ Պօղոս առաքեալի վարդապետութիւնը նաեւ կը խօսի Ս. Պսակի խորհուրդին մասին, որ զայն կը նմանեցնէ Քրիստոսի ու Եկեղեցւոյ հաղորդութեան պատկերին։ Պօղոսի առաքեալի համար ամուսնութեան ներգործութիւնը կ՛արտայայտէ այն եղելութիւնը թէ ՙ ՙայրն ու կինը՚ ՚ մէկը միւսին կը պատկանի։ Ամուսնութիւնը Աստուծոյ մէկ պարգեւն է։ Եւ որպէս տիպար ունի Քրիստոսի սէրը Եկեղեցւոյ հանդէպ։



Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները մաղթելով որ Յիսուսի ծննդեան պատրաստութեան այս շրջանը մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ աճեցնէ բաղձանքը աւելի խոր կերպով ճանչնալու եւ սիրելու Քրիստոսը։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն խնդրելով անոնցմէ որ Քրիստոսը ըլլայ իրենց կեանքին կեդրոնը, որպէսզի իրմէ ստանան լոյս եւ քաջութիւն։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Հայրը ներկաները հրաւիրեց միասնաբար արտասանելու Տէրունական աղօթքը` Հայր Մերը



 








All the contents on this site are copyrighted ©.