2008-12-09 10:58:41

Վատիկանեան տեղեկութիւններ


Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Ս. Աթոռի պատուիրակութիւն մը կը մասնակցի ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Ալեքսիս Բ-ի թաղման կարգին ։

Ուրբաթ, 5 Դեկտեմբերին իր մահկանացուն կնքեց ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Ալեքսիս Բ. 79 տարեկանին։ Ան ռուսական եկեղեցւոյ ղեկը ստանձնած էր 1990ին, ճիշդ այն օրերուն, երբ Խորհրդային Միութիւնը կը մեղմացնէր կրօնքի ազատութեան նկատմամբ իր խիստ սահմանափակումները։ Ալեքսի Բ.ի շնորհիւ եկեղեցին զարթօնք մը ապրեցաւ։ Պատրիարքի թաղման կարգը կը կատարուի Երեքշաբթի օր։

Ս. Աթոռի պատուիրակութիւն մը թաղման կարգին կը մասնակցի: Վատիկանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն. կարտինալ Walter Kasper` նախագահը քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին, կարտինալ Roger Etchegaray, վաստակաւոր նախագահը արդարութիւն եւ խաղաղութիւն եւ բարեսիրական մէկ սիրտ կոչուած քահանայապետական խորհրդներու, գերապայծառ Antonio Mennini Ս.Աթոռի ներկայացուցիչը ռուսական դաշնակցութեան մօտ, յիսուսեան հայր Milan Žust, քրիստոնեաներու միութեան խորհուրդէն եւ գերապայծառ Ante Joziƒ` քարտուղարը Մոսկուայի առաքելական դեսպանատան։

Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս եւս Մոսկուա կը գտնուի մասնակցելու համար Մոսկուայի և Համայն Ռուսիոյ Ալեքսիս Բ Պատրիարքի թաղման արարողութեան։ Ամենայն Հայոց Հայրապետին կ՛ուղեկցին Ուկրանիոյ, Արցախի, Նոր Նախիջևանի և Ռուսիոյ հայոց թեմերու առաջնորդները,ու Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու՝ Եզնիկ արք. Պետրոսեան։ Նոյնպէս ներկայ կը գտնուի Կ.Պոլսոյ Բարդողոմիոս Ա. Sիեզերական Պատրիարքը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.