2008-12-09 11:00:23

Ծիսական ժամանակացոյցը


Երեքշաբթի դեկտեմբեր 9 Ս. Աստուածածնայ Անարատ Յղութեան տօնն է։

Աստուածածնայ յղութեան յիշատակըշ, վերջին դարերուն միայն տօնելի եղած է հայ եկեղեցւոյ մէջ, դեկտեմբեր 9ին, ուրիշ արեւելեան եկեղեցիներու նման, մինչ լատինները` Ս. Աստուածածնայ յղութիւնը կը տօնեն դեկտեմբեր 8-ին։ Այս տօնը կը կատարուի որ օրն ալ հանդիպի։ Կաթողիկէ Եկեղեցին 1845-ին իբր հաւատոյ վարդապետութիւն հռչակեց թէ Աստուածածնի յղութիւնը անարատ եղած է, բոլորովին ազատ ադամային սկզբնական մեղքէն։ Սակայն Եկեղեցին առաջին դարերուն իսկ բանաձեւած էր Սրբուհի Մարիամ, մայր Աստուծոյ աղօթքը, որ կը համառօտէ եկեղեցւոյ դաւանանքը Յիսուսի մօր հանդէպ։

Ս. Աստուածածնայ շարականէն։

Անդադար երգով կը մեծարենք քեզ, ով Աստուածածին եւ Սրբուհի որ Բանն Աստուածը անսերմն յղութեամբ արգանդիդ մէջ կրեցիր։ Քեզմով դատապարտութեան կնիքը քակուեցաւ, քեզմով կանգնեցաւ գլորած մեղապարտ մայրը, անոր համար քեզ անդադար երգով կը մեծարենք։








All the contents on this site are copyrighted ©.