2008-12-09 10:59:00

Լուրեր Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութենէն։


Հայ Կաթողիկէ Մասնակցութիւնը Քրիստոնեայ Մամուլի Ցուցահանդէսին

Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութիւնը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Քրիստոնեայ Մամուլի ցուցահանդէսին, կազմակերպութեամբ Կաթողիկէ Մամուլի Միջազգային Կազմակերպութեան (UCIP) եւ հովանաւորութեամբ Մարոնիներու Պատրիարք' Նասրալլա Կարտինալ ՍՖէյրի։ ''Հաղորդակցութեան Միջոցները եւ Կրօնական Երկխօսութիւնը'' խորագրին տակ այս ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ վերջերս Մար Իլէաս եկեղեցւոյ մէջ։



Հայ Կաթողիկէ Մասնակցութիւնը Համազգայինի եւ Ազդակի 80 Ամեակի Հանդիսութեան

Լիբանան - Կազմակերպութեամբ ''Համազգային, հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսին, Չորեքշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2008-ին, երեկոյեան ժամը 8։30-ին, Էմիլ Լահուտ մշակութային համալիրի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Համազգայինի հիմնադրութեան 80-ամեակի հանդիսութիւնը։ Հանդիսութեան ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը, Արհի Հ. Վարդան Եպս. Աշգարեան որ կը ներկայացնէր Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան հաւատարմատար Ռուբէն Խարազեան, կուսակցութիւններու, մշակութային, կրթական, ընկերային եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչները, բարերարներ, համազգայնականներ ու ժողովրդային մեծաթիւ բազմութիւն։ Այս առթիւ Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական բաժնի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը կը շնորհաւորեն Ազդակի եւ Համազայինի 80 ամեակը, եւ կը մաղթեն յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.